image
Հրատապ լուրեր:

Աշխարհի մէջ «Քովիտ»ով վարակուածներուն թիւը անցաւ 290 միլիոնը

Աշխարհի մէջ «Քովիտ»ով վարակուածներուն թիւը անցաւ 290 միլիոնը

«Քովիտ»ով վարակման գրանցուած դէպքերուն թիւը աշխարհի մէջ Յունուար 3-ի դրութեամբ կազմած Է 290 միլիոն 157 հազար 607: 

Վարակի տարածման սկզբէն ի վեր «Քովիտ»ի հետ կապուած հիւանդութիւններէն մահացածներու թիւը հասած է 5 միլիոն 443 հազար 753 մարդու: «Քովիտ»ով վարակման աւելի քան 20 միլիոն դէպք գրանցած երկիրներու շարքին են ԱՄՆ-ը, Հնդկաստանը եւ Պրազիլը: Վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով առաջատարը կը մնայ Միացեալ Նահանգները, ուր յայտնաբերուած Է 55 միլիոն 114 հազար 57 ախտահարուած, իսկ մահացածներու թիւը երկրին մէջ հասած Է 826 հազար 60-ի: Վարակուածներու թիւով երկրորդ տեղը կը զբաղեցնԷ Հնդկաստանը, ուր հաստատուած դէպքերուն թուաքանակը հասած Է 34 միլիոն 922 հազար 882-ի, իսկ  ախտահարման հետեւանքներէն մահացածներուն թիւը այս երկրին մէջ կը կազմէ 481 հազար 893 մարդ:

Աշխարհի մէջ ախտահարուածներու թիւով երրորդ հորիզոնականին կը գտնուի Պրազիլը, ուր համավարակի ժամանակաշրջանին գրանցուած Է 22 միլիոն 297 հազար 427 հիւանդացած, իսկ մահացած է 619 հազար 401 մարդ: