Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը յայտարարած է, որ պիտի չհանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ վերջինիս պայմաններով։
«Հանդիպումը չի կրնար տեղի ունենալ Էրտողանի պայմաններու ներքոյ», -ըսած է Ասատը Sky News Arabia-ին, գրած է Iran Front Page-ը։
Վերջին ամիսներուն Անգարան ու Դամասկոսը կը փորձեն կարգաւորել յարաբերութիւնները տասնամեայ սառեցուած յարաբերութիւններէն ետք:
Յուլիսի կէսերուն Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան չէ փակած Դամասկոսի հետ խաղաղ «բանակցութիւններու դուռը», եւ որ ինքը «բաց» է Ասատի հետ հանդիպման համար՝ որպէս երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերու մաս: