Օրերս Գանատայի հայահոծ Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր, 2025-ին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի Ձեռնադրութիւնն ու Պաշտօնակոչութիւնը:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը եւ հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը:
Ձեռնադրութեան աւարտին Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Դասի, Ծխական Խորհուրդի եւ բոլոր հաւատացեաներու շնորհաւորանքները փոխանցեց Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանին, երէցկնոջ Լոռի Սարգիսեանին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներուն, մաղթելով բեղմանաւոր ծառայութիւն ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ ի նպաստ թորոնթոհայ գաղութին:


