Լիբանանեան տնտեսական տագնապի ֆոնին, ՝ Վաչէ Մանուկեան (որ նաեւ ազգային բարերար է ու ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Մարմնի պատուակալ անդամներէն) 2019-էն ի վեր փորձած է բանակցութիւններու ճամբով տիրանալ իր դրամատնային հաշիւներու գումարներուն։
Վերջերս Բրիտանիոյ Բարձրագոյն դատարանը վճիռ կայացուցած է յօգուտ բրիտանական եւ լիբանանեան երկքաղաքացիութիւն կրող, գործարար՝ Վաչէ Մանուկեանին: Դատավճիռը կը պարտաւորեցնէ երկու լիբանանեան դրամատուներուն վճարել 4,0 միլիոն տոլար Մանուկեանին:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ The National news կայքէն:
Լիբանանեան տնտեսական տագնապի ֆոնին, ՝ Վաչէ Մանուկեան (որ նաեւ ազգային բարերար է ու ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Մարմնի պատուակալ անդամներէն) 2019-էն ի վեր փորձած է բանակցութիւններու ճամբով տիրանալ իր դրամատնային հաշիւներու գումարներուն։
Ապա նկատելէ ետք, որ լիբանանեան դրամատուները անարձագանգ կը թողուն իր հայցերը եւ կը մերժեն են 4,6 միլիոն տոլարի փոխանցում կատարել իրեն, որոշած է դատ բանալ։
Ըստ աղբիւրին՝ Մանուկեան յաճախ խնդրած է SGBL-էն (Societe Generale de Banque au Liban) եւ Bank Audi-էն գումար փոխանցել զուիցերական հաշիւի մը 2019-ին, սակայն երկու դրամատուներն ալ մերժած են իր հայցերը վկայակոչելով երկրի կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած դրամագլուխներու վերահսկողութիւնը:
Մանուկեան պահանջած է SGBL-ի մէջ ունեցած իր 3,4 միլիոն տոլարը եւ Audi Bank-ի մէջ 1,2 միլիոն տոլարի գումարները, նաեւ վնասներու եւ տոկոսներու փոխհատուցումը: Դրամատուները վիճարկած են այդ պահանջները:
Աղբիւրը նշած է, թէ հարցը սկսած է երբ անցեալ տարի ֆրանսական դատարանը պարտաւորած է ուրիշ լիբանանեան դրամատան մը՝ Saradar, վճարել 2,8 միլիոն տոլար Ֆրանսայի մէջ գտնուող անոր յաճախորդներէն մէկուն: Ասիկա առաջին միջազգային վճիռն էր ընդդէմ լիբանանեան դրամատունի մը դրամագլուխներու վերահսկողութեան օրէնքի ներքոյ:
Մանուկեանի հայցը կը նկատուի հազուադէպ դատերէն մէկը, որ երբեւիցէ եղած է Լոնտոնի մէջ: Դատը ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան համաձայն, որ սակայն կը գործէր նախքան Brexit-ը: Այն քննուած է Բարձրագոյն դատարանէն ներս, Լիբանանի մէջ տիրող ֆինանսական տագնապի պատճառով:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի ֆինանսական համակարգը անկում ունեցաւ 2019-ին, տարիներ շարունակ անկայուն ֆինանսական քաղաքականութենէ ետք, եւ դրամատուները սահմանափակեցին յաճախորդներուն հաշիւները ներառեալ տոլարով դրուած աւանդները:
Աղբիւրին համաձայն՝ այս սահմանափակումները երբեք չեն օրինակացուած եւ այդ իսկ պատճառով վիճարկուած են տեղական եւ միջազգային դատարաններէն ներս, դրամատնային հաշիւներ ունեցողներու կողմէ, որոնք փորձած են արագօրէն քաշել իրենց գումարները ոչ թէ լիբանանեան լիրայով, որ երկու տարուայ ընթացքին կորսնցուցած է իր արժէքի 90 տոկոսը, այլ` օտար արժեդրոյթով։
Աղբիւրը ընդգծած է, թէ Լիբանանի ֆինանսական տագնապը երբ աւելի սրուած է Covid-19 համաճարակի, 2020-ի օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումին եւ քաղաքացիական խռովութիւններու պատճառով, եւ դրամատուները յայտարարած են, որ սկսած են վնասել «արտասովոր դժուար» տնտեսական պայմաններու հետեւանքով:
«ճիշդ է… որ Լիբանանը կը տառապի տնտեսական ճգնաժամէ, բայց այդ չի նշանակեր, որ դրամատուները… չկատարեն իրենց պարտաւորութիւնները», - ըսած են Մանուկեանի փաստաբանները:
Իր հերթին Մանուկեան ըսած է, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ վերահսկողութիւնը արգելք չի համարուիր, «օրէնք մը չկայ, որ կ'արգիլէ դրամատուները վճարել Մանուկեանին: Դրամատուները հսկայական միջազգային փոխանցումներ կը կատարէին, երբ այդ իրենց շահերուն համահունչ էր»։
Մանուկեանի փաստաբանները ըսած են, որ բարօր ժամանակներուն երկու դրամատուները կուտակած են շահերը, սակայն չեն մտածած օգտագործել միջոցներ՝ խուսափելու համար այն իրավիճակէն երբ պիտի չկարենան վերադարձնել յաճախորդին պէտք եղած մեծ գումարները, որոնք վերջինիս իրաւունքն են:
Միւս կողմէ, երկու դրամատուներուն փաստաբանները պնդած են, որ իրենց իրաւունքներէն կը համարուի մերժել Մանուկեանի միջազգային փոխանցումներ կատարելու խնդրանքը: Դրամատուները մասնաւորապէս ըսած են, որ «հաշուի առնելով Լիբանանի ֆինանսական ճգնաժամի հանգամանքները իրենք իրաւասու են հրաժարելու պահանջները կատարելէ»:
Աղբիւրը վկայակոչելով Reuters-ը, նշած է թէ դատական լսումներէն ետք, Արդարադատութեան բարձրագոյն դատարանը՝ Queen's Bench Division-ը, պարտաւորեցուցած է երկու դրամատուներուն՝ Bank Audi-ին եւ SGBL-ին Մարտ 4-ին վճարել Վաչէ Մանուկեանին 1,1 եւ 2,9 միլիոն տոլարի գումարները: