image

Արման Թաթոյեանը պիտի մտնէ քաղաքական դաշտ եւ մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն. ԶԼՄ–ներ

Արման Թաթոյեանը պիտի մտնէ քաղաքական դաշտ եւ մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն. ԶԼՄ–ներ

ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարէ նոր շարժման ստեղծման մասին: Այս մասին գրած է «Փաստը»` աւելցնելով, որ Թաթոյեանը յատկապէս վերջին շրջանին աշխուժ հանդիպումներու ու քննարկումներու մէջ է:

««Փաստ» թերթի տեղեկութիւններով` հնարաւոր է, որ Արման Թաթոյեանը նաեւ յայտարարի սեպտեմբերին կայանալիք Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին մասնակցելու մասին, ինչը կարող է էլ աւելի սրել առանց այդ էլ սպասելի բաւական թէժ ու սուր ընտրապայքարը՝ հաշուի առնելով այս պահին յայտնի, ինչպէս նաեւ սպասուող թեկնածուների մասնակցութիւնը»,–գրած է թերթը։

Այն մասին, որ Թաթոյեանը հնարաւոր է` մասնակցի Երեւանի ընտրութիւններուն, գրած է նաեւ «Հրապարակ» թերթը։

«Վերջին օրերին տարբեր աղբիւրներից ինֆորմացիա ենք ստանում, որ Թաթոյեանը որոշում է կայացրել, եւ նախապատրաստական աշխատանքներ են տարւում այդ ուղղութեամբ։ Փորձ է արւում Թաթոյեանի շուրջ լայն կոնսոլիդացիա ձեւաւորել։ Ըստ էութեան, նա համարւում է այն կոմպրոմիսային թեկնածուն, որի դէպքում կարող է մի քանի ուժ միաւորուել եւ միասնական թեկնածու առաջադրել»,–գրած է «Հրապարակը»:

Նշենք, որ ո՛չ «Փասն»ին, ո՛չ ալ «Հրապարակ»ին յաջողուած է անձամբ խօսիլ Թաթոյեանի հետ։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 սեպտեմբերին: