image
Հրատապ լուրեր:

Արջը վնասած է մեղուի փեթակները Ամասիա համայնքին մէջ (Տեսանիւթ)

Արջը  վնասած է  մեղուի   փեթակները Ամասիա   համայնքին մէջ (Տեսանիւթ)

Այսօր Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը բնապահպանական կազմակերպութիւններու կողմէ ահազանգ ստացած է Շիրակի մարզի Ամասիա համայնքին մէջ արջի յարձակումներու եւ քաղաքացիներուն ու անոնց տնտեսութիւններուն պատճառած վնասներուն վերաբերեալ: 

Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հիմնախնդիրը լուրջ է, քանի որ իր մէջ կը կրէ քաղաքացիներու առողջութեան ու կեանքին, ընկերատնտեսական վիճակին սպառնացող, ինչպէս նաեւ բնապահպանական կարեւոր բաղադրիչներ, այդ իսկ պատճառով կը գտնուի Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Խնդիրին լուծումներ տալու նպատակով նախարարութեան մէջ պարբերաբար շահագրգիռ կողմերուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւններ կը հրաւիրուին: 

«Տեղեկացնենք, որ վաղը ահազանգի վերաբերեալ խորհրդակցութիւն կը հրաւիրուի համայնքի ներկայացուցիչների, ոստիկանութեան եւ Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնի մարզային ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: 

Յիշեցնենք, նաեւ, որ գորշ արջը գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կենդանիներու «Կարմիր գիրք»ին մէջ եւ կենդանին սպաննելու համար նախատեսուած է պատասխանատուութիւն ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքով` տուգանք` նուազագոյն աշխատավարձի 400-600-պատիկի չափով կամ կալանք` 2-3 ամիս ժամկէտով` 1-էն 5 միլիոն դրամ վնասի վերականգնմամբ: