image

Արեւմուտքը աշխարհը կը տանի դէպի «Արմակետոն». Ռուս դիւանագէտ

Արեւմուտքը աշխարհը կը տանի դէպի «Արմակետոն». Ռուս դիւանագէտ

Արեւմտեան երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, որոշած են մարդկութիւնը հասցնել վտանգաւոր սահմանագիծի, որմէ այն կողմ միջուկային «Արմակետոն»ն է: Այս մասին յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անատոլի Անտոնովը՝ մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի պաշտօնեաներու յայտարարութիւններն առ այն, թէ աղքատացուած ուրան պարունակող զինամթերքը սովորական զէնք է, որ կ'օգտագործուի քանի մը տասնամեակ շարունակ եւ մեծ վտանգ չի ներկայացներ։ Այսն մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Այսպիսի անհեթեթութիւններ մեկնաբանելը իսկապէս դժուար է, ամերիկացի պաշտօնեաները իրենց անպատասխանատու յայտարարութիւններով հերթական յատակին հասած են:Մահաբեր զէնքի շարունակական հոսք կու գայ Ուքրանիա, որու օգնութեամբ կ'ոչնչացուին խաղաղ բնակիչները, բնակելի թաղամասերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, մանկապարտէզները: Բայց նոյնիսկ սա բաւարար չէ արեւմտեան հրէշներուն։ Հիմա, ըստ երեւոյթին, անոնք կ'ուզեն Քիեւի նացիստներուն մատակարարել աղքատացուած ուրանով պարկուճներ։ Կը թուի, թէ լուսաւորեալ Արեւմուտքը՝ Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ, անդառնալիօրէն որոշած է մարդկութիւնը բերել վտանգաւոր սահմանագիծի, որմէ այն կողմ միջուկային «Արմակետոն»ը աւելի պարզ կ'երեւի», - աւելցուցած է դեսպանը։

Ռուսական դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ «նման զինամթերքի կիրառման բացասական հետեւանքները բազմիցս հաստատուած են արեւմտեան լրագրողներու կողմէ»։

«Եթէ չէք ուզեր մեզ լսել, նայեցէք եւրոպացի գործընկերներու զեկոյցները»,- ընդգծած է ան:

Անթոնովը յիշեցուցած է, որ «այս տեսակի զինամթերք օգտագործելու ժամանակ ռատիոաքթիւ փոշին կը նստի գետնին»։

«Այդ չափազանց թունաւոր է եւ չախտահանուիր: Նման նիւթերը կը հրահրեն քաղցկեղի բռնկում: Ամերիկացիները այդ մէկը շատ լաւ գիտեն, քանի որ անոնք արդէն օգտագործած են այդ զէնքերը Իրաքի եւ Հարաւսլաւիոյ մէջ: Զոհերը տառապած են մահացու հիւանդութիւններէ, իսկ անոնց երեխաները ծնած են թերութիւններով»,- մատնանշած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը։

Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպին չորեքշաբթի պնդած է, որ Միացեալ Նահանգները չի հաւատար, որ աղքատացուած ուրանով արկերը վտանգ կը ներկայացնեն ճառագայթման տարածման տեսանկիւնէ:

Յիշեցնենք, որ Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անապել Կոլտին ըսած էր, որ թագաւորութեան իշխանութիւնները Ուքրանիոյ կը մատակարարեն աղքատացուած ուրան պարունակող արկեր: