image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմուտք- Ռուսիա յարաբերութիւնները դժուար թէ բարելաւուին. Սթոլթընպըրկ

Արեւմուտք- Ռուսիա յարաբերութիւնները դժուար թէ բարելաւուին. Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը կարծիք յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը տեղի պիտի չունենայ նոյնիսկ ուքրանական հակամարտութեան աւարտէն ետք։ Համապատասխան յայտարարութիւնը ան ըրած է գերմանական Handelsblatt թերթին տուած հարցազրոյցին, գրած է gazeta.ru-ն:

«Նախկինի պէս չըլլար. եթէ նոյնիսկ Ուքրանիոյ մէջ զէնքերը լռեն, պէտք չէ ակնկալել, որ մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ կը կարգաւորուին»,-ըսած է գլխաւոր քարտուղարը։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները չեն կրնար վերականգնուիլ՝ նախկին մակարդակին։