image

Արեւմտեան Թեմ. Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի

Արեւմտեան Թեմ. Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի

Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի Ազգային առաջնորդարանէն ներս։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Թեմի Դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է՝ 

Այսու, կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Երկուշաբթի 13 Մայիսէն մինչեւ Չորեքշաբթի 15 Մայիս, երեկոյեան ժամը 6էն 8:

Շնորհաւորական այցելութիւնները նախօրօք պիտի համադրուին Ազգային առաջնորդարանի դիւանատան միջոցաւ եւ կապի հաստատման առաջնահերթութեամբ (818-248-1278 կամ info@westernprelacy.org):

Ի հարկին, այս ժամանակացոյցի թուականներէն կամ ժամերէն դուրս այցելութիւնները պիտի դասաւորուին, ըստ յարմարութեան: