Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք ՝
Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները ձիթենեաց բարձրադիր ճիւղերով եւ գոյնզգոյն ծաղիկներով գեղեցկօրէն զարդարուեցան Ծաղկազարդի տօնին առիթով եւ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը նշեցին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, փառք տալով Ամենակալին՝ ստացուած բոլոր բարիքներուն համար եւ միատեղ աղօթելով՝ իրենց հոգիներուն Յիսուսո՛վ փրկութեան համար:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ վեր առնելով աւանակի վրայ Աստուածորդիին Երուսաղէմ մուտքն ու ժողովրդային խիտ շարքերու կողմէ յաղթական գոչիւններով, «ովսաննա»ներով, ձիթենեաց ճիւղերով ու գարնանային վառ ծաղիկներով դիմաւորուիլը, դիտել տալով, որ բարձրագոռ այդ կանչերուն մէջ Յիսուս լսեց նաեւ իրեն դիմող երկու կոյրերու աղերսը՝ «Յիսուս, Յիսուս, ողորմէ մեզի» բառերով եւ կատարեց անոնց խնդրանքը՝ բանալով կոյրերուն աչքերը: Ս. Գրային այս օրինակին հետեւութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները բանալու իրենց հոգիին աչքերը, տեսնելու համար Յիսուս Քրիստոսը, որ յաւիտենական կեանք կը հրաւիրէ մեզ բոլորը՝ ապաշխարութեան, կեանքի հաճոյքներէն հրաժարելու եւ դէպի Հոգեւորը դառնալու, աշխարհի վրայ սէրն ու յարգանքը, մարդոց միջեւ ներողամիտ կեցուածքն ու բարեգործութիւնը շատցնելու առումով:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. վարչութեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան, շրջանի կոմիտէի եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, շրջանի հայութիւնը, հարազատներ եւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւն՝ յորդորելով ներկաները բանալու իրենց հոգիին դռները Յիսուս Քրիստոսի առջեւ եւ ընդունելու Զայն իբրեւ ա՛յս եւ հանդերձեա՛լ կեանքի ճշմարիտ միակ Առաջնորդը: