image
Հրատապ լուրեր:

Արդեօ՞ք Իշխան Զաքարեանը պիտի հեռանայ «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն

Արդեօ՞ք Իշխան Զաքարեանը պիտի հեռանայ «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն

ՀՀ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Զաքարեանը ոչ կը հերքէ, ոչ կը հաստատէ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութենէն դուրս գալու մտադրութեան մասին լուրերը: 

Լրագրողներու հարցերուն, թէ արդեօք դուրս պիտի գա՞յ խմբակցութենէն, ան չպատասխանեց՝ նշելով որ Երկուշաբթի օր լրագրողները հրաւիրած է զրոյցի:

Հարցին, թէ արդեօք կը հերքէ՞ է այդ լուրերը, Զաքարեան պատասխանեց. «Ես ոչ կը հերքեմ, ոչ կը հաստատեմ: Երկուշաբթի կը խօսինք»:

Անդրադառնալով դիտարկման, որ ինք ընդդիմադիր պատգամաւոր է, պնդեց. «Պիտի մնամ ընդդիմադիր, երբեք չկասկածիք, որ ընդդիմադիր պիտի չըլլամ»: