image

«Արդ նոր բացուող այս ամսուան առաջին օրէն եկէք որոշենք փոխել մեր ընթացքը»

«Արդ նոր բացուող այս ամսուան առաջին օրէն եկէք որոշենք փոխել մեր ընթացքը»

Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան կը գրէ.


«Բոլոր ծանօթ կամ անծանօթ բարեկամներուն: Կ՛ողջունեմ Ձեզ այս անգամ Հայրենիքէն: Քառասնօրեայ Պահոց կէսն է արդէն: Մեզմէ շատեր կամայ թէ ակամայ կը շարունակեն սխալներ գործել իսկ ուրիշներ՝ բարեգործութիւններ: Ինչո՞ւ մենք ալ հրաժարինք բարի գործեր կատարելէ... Արդ նոր բացուող այս ամսուան առաջին օրէն եկէք որոշենք փոխել մեր ընթացքը եւ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի նման միայն բարիք գործենք, ինչ դիրքի կամ մակարդակի վրայ ալ գտնուինք: Բարիք՝ մեր նմանին, Քրիստոսի հիմնած եկեղեցւոյ, հայրենիքին, ազգին, հայ սփիւռքին, մեր գաղութներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ գտնուողներուն հանդէպ... վերջ ի վերջոյ ամէնքս ալ անխտիր հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ թէ ի՞նչ ըրինք իր ստեղծած այս հրաշալի Աշխարհին մէջ... Չմոռնանք հաշիւ ունինք... Ամենայն բարիք կը ցանկամ բոլորիդ: Աղօթքներով եւ խոնարհաբար՝ օրհնութիւններով»: