Արցախի Մարտունիի շրջանի Ծովատեղ գիւղի բնակիչները 8 Փետրուարին տօնեցին իրենց նոր համայնքային կեդրոնի բացումը։ Շէնքը, ուր կը գտնուի գիւղապետարանն ու բուժկէտը, վերանորոգուած է Հայկական բժշկական հիմնադրամի (ԱՄՆ), Զուիցերիոյ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի համագործակցութեան շնորհիւ։
Կեդրոնի բացման ներկայ էին Ծովատեղի գիւղապետ՝ Սամուէլ Աբրահամեանը, Մարտունիի շրջանային հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ Ռոպերթ Բաղդասարեանը, Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան ներկայացուցիչ՝ դոկտոր Անուշ Սահակեանը, գիւղապետեր եւ յարակից գիւղերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Թուֆէնկեան հիմնադրամի Ստեփանակերտի եւ Երեւանի գրասենեակներէն։
«Ինիսունական թուականներէն սկսեալ՝ համայնքային կեդրոնէն ներս կը գործեն նաեւ ակումբն ու բուժկէտը. շէնքը կը գտնուէր վատթար վիճակի մէջ, եւ, իրօք, վերանորոգման կարիք կար: Աշխատանքները սկսած են անցեալ տարուայ հոկտեմբերի վերջին»,- նշած է համայնքապետ Աբրահամեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամին: Բուժկէտները Արցախի գիւղերու մէջ բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցներն են: «Շնորհակալ ենք մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներու աջակցութեան համար, անոնց առատաձեռնութեան եւ այստեղի բնակչութեան օգնելու պատրաստակամութեան համար»,- աւելցուց ան։ Համագործակցութեան շնորհիւ վերանորոգուած բուժկէտը համալրուած է նաեւ նոր սարքաւորումներով եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներով:
Ծովատեղի եւ անոր շրջակայ գիւղերու բնակիչները 2020 թուականին Ատրպէյճանի դէմ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ենթարկուեցան ուժեղ ռմբակոծութիւններու: 2021 թուականի սկիզբը բուռն մարտերու ժամանակ տարածաշրջանը լքած հազարաւոր ընտանիքներ վերադարձան իրենց տուները, որոնց մէկ մասը լուրջ վնասներ կրած է: Պատերազմէն յետոյ այս գիւղերէն շատերը այժմ կը գտնուին Ատրպէյճանի սահմանէն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռավորութեան վրայ:
Անցեալ տարի, Արցախի իշխանութիւններու հետ համապարփակ խորհրդակցութիւններէ յետոյ, Թուֆէնկեան հիմնադրամը կազմեց համապարփակ ծրագիր բաղկացած լրացուցիչ նախաձեռնութիւններէն, որոնք կը նպաստեն Մարտունիի շրջանի քանի մը գիւղերու, անոնց կարգին՝ Ծովատեղի եւ յարակից գիւղերու (Հերհեր, Խերխան) կրթական, առողջապահական, տնտեսական եւ այլ կարիքներու բաւարարման։ Ծրագիրի տարբեր մասերը կը ներառեն նաեւ մօտակայ Սոս եւ Մաճկալաշէն գիւղերը։ Հիմնադրամը անցեալ տարի համագործակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող JHM հիմնադրամի (Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնադրամ) հետ՝ նմանատիպ կեդրոն կառուցելու մօտակայ Հերհեր գիւղի մէջ:
«Մօտ մէկ տարի առաջ մենք այցելեցինք Ծովատեղ՝ այս պատմական գիւղը, որպէսզի փոխանցենք սնունդի օգնութեան խիստ անհրաժեշտ փաթեթներ: Այսօր մենք ուրախ ենք տեսնելու, որ գիւղը եւ անոր բնակիչները ոտքի կը կանգնին. կ'ապրին ու կ'արարեն իրենց հողի վրայ»,- ըսաւ Թուֆէնկեան հիմնադրամի տնօրէն Կրէկ Պետեան: 2021 թուականի սկիզբը հիմնադրամը Մարտունիի տարբեր գիւղերու աւելի քան 400 ընտանիքներու բաժնեց սնունդի փաթեթներ, որոնք կը ներառէին ալիւր, բրինձ, հնդկաձաւար, մաքարոնեղէն, ձէթ եւ այլ հիմնական ապրանքներ։
«Մենք կը շարունակենք ներդրումներ կատարել այս յաճախ անտեսուած գիւղերու եւ Արցախի այլ հատուածներու մէջ, վերակառուցելով եւ վերանորոգելով տուները, բուժկէտերը եւ դպրոցները. իրականացնելով կրթական ծրագիրներ ու առողջապահական եւ տնտեսական զարգացման նպատակային ծրագիրներ։ Միայն այսպէս կարելի է ապահովել աշխոյժ ապագայ Արցախի հայութեան ապագայ սերունդներուն համար»,- մեկնաբանեց Պետեան:
Թուֆէնկեան հիմնադրամը 2022 թուականի զարգացման ծրագիրի ծիրէն ներս Պոսթըն գործող Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան (AAMA) հետ համատեղ կ'աշխատի Արցախի առաջնային առողջութեան պահպանման ուղղուած ծրագրին վրայ: Դիմելով հիւրերուն, բացման հանդիսութեան ընթացքին՝ դոկտոր Սահակեան բացատրեց, որ ծրագիրը իր աշխատանքները կը սկսի Մարտունիի գիւղերէն։ «Մեր ծրագիրը սփիւռքէն բարձր փորձ ունեցող բժիշկներ կը բերէ տեղւոյն բուժանձնակազմին գործնական ուսուցում եւ շարունակական բժշկական կրթութիւն տրամադրելու, միեւնոյն ժամանակ շրջանի հիւանդներուն շարունակական օգնութիւն ցուցաբերելու համար», - ըսաւ դոկտոր Սահակեան:
