Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 20 սեպտեմբերին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որու ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հնարաւոր զարգացումները եւ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ այս պարունակին մէջ իրականացուող քայլերը:
Երկրի ղեկավարը նշած է, որ միջազգային դերակատարներու արձագանգն Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ անոր յաղթահարման վերաբերեալ համարժէք չէ եւ որեւէ գործնական քայլ չի ձեռնարկուիր, որմէ ելլելով՝ Արցախը հարկադրուած կ'ըլլայ դիմել համապատասխան քայլերու՝ գերնպատակ ունենալով առաջնահերթօրէն ապահովել բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը: