image

Արցախի մէջ. Զոհերու թիւը կ'աճի. Կայ 32 զոհ եւ 200-է աւելի վիրաւոր

Արցախի մէջ. Զոհերու թիւը կ'աճի. Կայ 32 զոհ եւ 200-է աւելի վիրաւոր

Սեպտեմբեր 19-էն ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրետակոծած են Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակավայրերը՝ թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառուցուածքները՝ բնակելի շէնքեր, դպրոցներ եւ այլն։ 

Այս մասին յայտնած են ՄԻՊ հանրային կապերու բաժնէն՝ նշելով, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը քաղաքացիական բնակչութեան ուղղութեամբ կիրառած են խոշոր տրամաչափի զէնքեր, այդ շարքին՝ հրետանի։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի մօտ գրանցուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ հրետակոծութիւններու հետեւանքով  20 սեպտեմբերի առաւօտեան դրութեամբ կան 32 զոհ, 200-է աւելի վիրաւոր, այդ շարքին՝ 7 զոհ (2 երեխայ) եւ 35 վիրաւոր (13 երեխայ) քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն։

Ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով վնասուած են շէնքեր, բակերու մէջ կայանուած մեքենաներ, տուներ։ Սեպտեմբեր 20-ի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն գնդակոծած է Ստեփանակերտի շտապ օգնութեան մեքենան, որն ուղեւորուած էր Մարտակերտի շրջան՝ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած ութ անձանց մարմինները տեղափոխելու համար:

Ըստ բաց աղբիւրներու տարածած տեղեկութեան՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացած են նաեւ ռուս խաղաղապահներու մեքենաներու վրայ, երբ վերջիններս փորձած են Լաչինի միջանցքով՝ Հակարիի կամուրջով, Լեռնային Ղարաբաղէն տարհանել կիներ եւ երեխաներ։

Այս փաստերը կու գալն հաստատելու, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը նպատակ ունին աւարտին հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան էթնիք զտումը։