image

Արցախի մէջ ատրպէյճանական սադրանքը նպատակ ունի չէզոքացնել խաղաղութեան բանակցութիւնները․ Փաշինեան

Արցախի մէջ ատրպէյճանական սադրանքը նպատակ ունի չէզոքացնել խաղաղութեան բանակցութիւնները․ Փաշինեան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զինուժի կողմէ 27 յունիսին իրականացուցած ռազմական սադրանքը կը նախապատարստուէր Ատրպէյճանի տեղեկատուական գրոհներով։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 4 հայ զինծառայողներու սպանութեան, կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Սադրանքը նպատակ ունի չէզոքացնել խաղաղութեան բանակցութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւուքներն ու անվտանգութեան հարցերը հասցէագրելու ջանքերը»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ այս օրերուն ՀՀ պատուիրակութիւնը արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորութեամբ Ատրպէյճանի հետ կ'աշխատի խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը համաձայնեցնելու ուղղութեամբ։

«Հայաստանը շարունակելու է խաղաղութեան քաղաքական ուղեգիծը»,- նշած է Փաշինեան։