image

Արցախի մէջ 3 երեխայ ծանր վիճակի մէջ է

Արցախի մէջ 3 երեխայ ծանր վիճակի մէջ է

Արցախի մէջ 3 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ: 8 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ:

Արդէն 261 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 660 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն:

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 105 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։