Արցախի անկախութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ. Արամ Ա.

 Արցախի անկախութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ. Արամ Ա.

«Արցախի անկախութիւնը սակարկութեան առարկայ չի կրնար ըլլալ» այսօր այս մասին յայտարարած է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ 

 

 Վեհափառ հայրապետը, որ մատուցած է  Զատկուայ Սուրբ եւ անմահ պատարագը  իր արտասանած քարոզի ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է « Որպէս կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր ժողովրդով չենք կարող անտարբեր եւ լուռ մնալ, Արցախի ժողովրդին կ՚ըսենք մենք ձեզի հետ ենք: Խաղաղութիւնը, անկախութիւնը եւ արդարութիւնը աստուածատուր արժէքներ եւ իրաւունքներ են: Ժողովուրդի խաղաղութիւնը չի կրնար սակարկութեան նիւթ դառնալ, Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատել եւ ամրապնդած է իր անկախութիւնը այն հողի վրա, ուր դարեր շարունակ ապրած եւ ստղծագործած է: Այսօր Հայաստանը յոյժ տագնապներու դիմաց կը գտնուի եւ մեր սպասումն է, որ Հայաստանի պատասխանատուները, Հայաստանի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդը կարողանան իրենց հաւաքական կամքը հաստատել ամուր կերպով` ըսելով, որ ազգի ազատ ապրելու կամքը, խաղաղ ապրելու իրաւունքը չի կրնար այսպես կոչուած աշխարհաքաղաքական պայմաներու լոյսի տակ թէական դարձնել»։