Կառավարութեան այսօրուայ որոշմամբ` պատերազմին հետեւանքով Արցախէն տեղահանուած կամ անշարժ գոյքը կորսնցուցած քաղաքացիները 2022-ի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն եւս պիտի ստանան դրամական աջակցութիւն:
Նախագիծը ներկայացուց ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը: «Հաշուի առնելով, որ միջոցառման շահառուներից շատերը դեռեւս չեն լուծել բնակարանային խնդիրները, լուծուած չեն նաեւ որոշների զբաղուածութեան խնդիրներն ու որոշները գտնւում են¬ ընկերային ոչ-բարենպաստ վիճակում ու նաեւ պայմանաւորած ձմեռակացի հնարաւոր դժուարութիւններով` առաջարկում ենք աջակցութեան ժամկէտները եւս երկու ամսով երակարձգել», ըսաւ ան:
Այսպիսով` մինչեւ 18 տարեկան քաղաքացիները, 1-ին եւ 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր ամսական պիտի ստանան 40 հազար դրամ, միւս շահառուները` անկախ տարիքէ եւ սեռէ, 20-հազարական դրամ: