Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 21 յունիսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ քննարկելու Արցախի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական ընթացիկ վիճակը, մարտահրաւէրներն ու ընելիքները:
Միտքեր փոխանակուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ ճնշումներու ու սպառնալիքներու շարունակական աճի պայմաններուն մէջ արտաքին ու ներքին ուղղութիւններով առաջնահերթ ու ռազմավարական ընելիքներու շուրջ:
Նախագահ Յարութիւնեանը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն: