image

Արարատ Միրզոյեանը ցաւակցած է Լիբանանցի նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին

Արարատ Միրզոյեանը ցաւակցած է Լիբանանցի նախարար  Ապտալլա  Պու Հապիպին

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին ցաւակցած է Լիբանանի քաղաքացիներու մահուան կապակցութեամբ։ Այս մասին ան գրած է X–ի իր էջին։

«ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջանակում իմ գործընկեր Աբդալլահ Բու Հաբիբի հետ անդրադարձել եմ Մերձաւոր Արեւելքում տիրող իրավիճակին։  Անկեղծ ցաւակցութիւն եմ յայտնել Լիբանանի քաղաքացիական բնակչութեան շրջանում վերջին զոհերի համար»,- գրած է Միրզոյեան։

Ան նաեւ ընդգծած է Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ հետագայ մագլցումէն խուսափելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին իրավիճակը սրած է 2023 թուականի հոկտեմբերին Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ետք։