image
Հրատապ լուրեր:

Արարատ Միրզոյեանն ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի հետ քննարկած է «Թրամփի ուղին»

Արարատ Միրզոյեանն ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի հետ քննարկած է «Թրամփի ուղին»

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ալիսոն Հուքըրի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման պատրաստակամութիւնը՝ ներառեալ ուժանիւթ, ենթակառուցուածքներ, արհեստական բանականութիւն եւ ներդրումներու խթանում:

«Գոհունակութեամբ կարող եմ նշել ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ օրակարգի ընդլայնման, ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր բովանդակութեամբ ու կոնկրետ նախաձեռնութիւններով յագեցնելուն միտուած քաղաքական երկխօսութեան ակտիւ դինամիկան, ինչպէս նաեւ հաստատուած խաղաղութեան հետեւողական ամրապնդման հարցում Միացեալ Նահանգներու շարունակական ներգրաւուածութիւնը»,- նշած է նախարար Միրզոյեանը:

Անդրադարձ կատարուած է օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Հաշուի առնելով, որ կը լրանայ Ուաշինկթընի մէջ խաղաղութեան գագաթաժողովի խորհրդանշական 100-րդ օրը՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ալիսըն Հուքըրն արձանագրած են համաձայնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ այս ընթացքին առկայ առաջընթացը, ինչպէս նաեւ ընելիքները: Միտքեր փոխանակուած են «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի կառուցման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներու շուրջ:

Ընդգծուած է վերջինիս կարեւորութիւնն աւելի լայն աշխարհագրութեամբ փոխադրային եւ այլ կապուղիներու ցանցի զարգացման հարցով։

Արարատ Միրզոյեանը եւ Ալիսըն Հուքըրը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային այլ թեմաներու շուրջ: