Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Միացեալ նահանգներու մէջ պիտի հանդիպին:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Ազգային ժողովէն ներս յայտարարած է, թէ քանի մը օրէն պիտի մեկնի Ուաշինկթըն:
«Այնտեղ կը լինի իմ ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի ու ԱՄՆ պետաքարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը: Սա ինտենսիւ գործընթաց է եւ վկայում է այն մասին, որ միջազգային հանրութեան կողմից կայ ուշադրութիւն», -ըսած է ան: