image
Հրատապ լուրեր:

Արաքչի դէպի Պաղտատ. Քննարկման առանցքը Սուրիան է

Արաքչի դէպի Պաղտատ. Քննարկման առանցքը Սուրիան է

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի ուրբաթ օր պիտի մեկնի Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ:

Ինչպէս գրած է Mehr գործակալութիւնը, այցի նպատակն է շարունակել խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով։

Այս շաբաթ Արաքչի նոյն հարցով գտնուած է Սուրիա եւ Թուրքիա:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ իսլամ ահաբեկիչներու խմբաւորումները մտած են կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Հալէպ քաղաք եւ գրաւած քաղաքի մեծ մասը:  Այժմ կառավարական բանակի ուժերը ստիպուած են վերադասաւորուելու, որպէսզի ապահովեն խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորներու անվտանգութիւնը եւ պատրաստուին հակայարձակման։ Ռուսիա եւ Իրան իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Սուրիոյ կառավարութեան: