image

Արամ Գուրան պարգեւատրուեցաւ

Արամ Գուրան պարգեւատրուեցաւ

Հանրապետութեան Նախագահին առընթեր Մշակոյթի ու արուեստի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ Արամ Գուրան, օրերս, պարգեւատրուած է Թուրքիոյ եւ Իսթանպուլի կաթողիկէ համայնքի կառավարիչ՝ Վարդան Գերապայծառի կողմէ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հանրապետութեան Նախագահին առընթեր Մշակոյթի ու արուեստի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ Արամ Գուրան երէկ, 25 Դեկտեմբերին պարգեւատրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իսթանպուլի կաթողիկէ համայնքի կառավարիչ՝ Վարդան Գերապայծառի կողմէ։ Արհի. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Արամ Գուրանին յանձնեց շնորհակալութեան յուշատախտակ մը՝ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութեան ընթացքին Լոյս Թի-Վիի կողմէ կատարուած անխափան սփռումներու, ինչպէս նաեւ Քահանայապետի այցելութիւնը լուսաբանելու համար։