image
Հրատապ լուրեր:

Ապտոլլահեան- Պայրամով հեռախօսային կապ. Թեման առկայ երկկողմ լարումն է

Ապտոլլահեան- Պայրամով հեռախօսային կապ. Թեման առկայ երկկողմ լարումն է

Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները խօսած են երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրներու կարգաւորման եւ թիւրիմացութիւններու շտկման ուղիներու մասին՝ երկուստեք ընդգծելով երկու պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի կարեւորութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Tasnim գործակալութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովը երկու բուռն բանակցութիւններ վարած են Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ զարգացումներու եւ շարք մը տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ:

Անկեղծ եւ թափանցիկ զրոյցներուն Ամիր Ապտոլլահեանը եւ Պայրամովը միտքեր փոխանակած են առկայ տարաձայնութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու շուրջ եւ ուսումնասիրած ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղիները, յայտնած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:

Անոնք նաեւ ընդգծած են բարիդրացիական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադառնալով տարածաշրջանի ժողովուրդներու միասնութեան, անվտանգութեան եւ առաջընթացի դէմ Իսրայէլի մշակած դաւադրութեան՝ Ամիր Ապտոլլահեանը նշած է, որ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ վէճերէն միայն թշնամիները կը շահին։

Երկու բարձրաստիճան դիւանագէտներն ընդգծած են նաեւ մետիա մթնոլորտի վերահսկման անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու շահերու։

Նշենք, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խիստ լարուած են: Օրերս Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան 4 աշխատակից «անցանկալի անձ» յայտարարուած է։ Ապրիլ 6-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ Ապպաս Մուսավին։ Հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանական կողմը Իրանի դեսպանին խիստ դժգոհութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի դէմ իր երկրի սադրիչ գործողութիւններու վերաբերեալ։

Իրանի դեսպանին տեղեկացուցած են, որ Իրանի դեսպանատան չորս աշխատակից Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած է «անցանկալի անձ»՝ դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող եւ 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագրին հակասող գործունէութեան համար: