image
Հրատապ լուրեր:

Ապրելու համար նոր յոյս. Ծնած է Արժ. Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Վարդանեանի երրորդ զաւակը՝Արփին

Ապրելու համար նոր յոյս. Ծնած է Արժ. Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Վարդանեանի երրորդ զաւակը՝Արփին

Իսկ այս իրավիճակը ճիշդ գնահատելու եւ ընկալելու համար բոլորս ալ կարիքն ունինք նոր յոյսերու եւ այդ յոյսի ընդհանուր խորագիրը պէտք է դնենք ՝ «ապրելու համար»։

 Ի վերջոյ մենք, որպէս ժողովուրդ եւ որպէս ազգ արժանի ենք այդ ապրումին ու յոյսին եւ արժանի են նոր կեանքերու, որ լիապէս կ՚ուրուագծուին Արփիի նման լոյս երեխաներու կրակոտ աչքերուն մէջ։

Օրերս Էջմիածին քաղաքէն յուսադրող լուր ստացանք։

Իր աչքերը աշխարհին բացած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ քահանայից դասու արժանաւոր ներկայացուցիչներէն՝  Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Վարդանեանի երրորդ զաւակը՝ Արփին։

 

 Նշենք, որ Արփին Քահանայ հօր եւ երեցկին՝Արմինէ Մուրադեանի երրորդ զաւակն է Նարէի եւ Աբէլի կողքին։

Այս բոլորին մէջ ուրախալին այն է, որ Գէորգեան Ճեմարանի փոխ-տեսուչ Տէր Հօր ընտանեկան օճախի մէջ երրորդ զաւակի աշխարհ լոյս գալը յուսադրիչ է բոլորիս համար մասնաւորապէս այս ժամանակներուն, երբ բոլորս անխտիր կ՚ապրինք հոգելքման պահեր։

Իսկ այս իրավիճակը ճիշդ գնահատելու եւ ընկալելու համար բոլորս ալ կարիքն ունինք նոր յոյսերու եւ այդ յոյսի ընդհանուր խորագիրը պէտք է դնենք ՝ «ապրելու համար»։

 Ի վերջոյ մենք, որպէս ժողովուրդ եւ որպէս ազգ արժանի ենք այդ ապրումին ու յոյսին եւ արժանի են նոր կեանքերու, որ լիապէս կ՚ուրուագծուին Արփիի նման լոյս երեխաներու կրակոտ աչքերուն մէջ։

 Հայոց համար ճակատագիր եղած է բարիով լեցնել աշխարհը, բարիով մաքառիլ եւ  Յիսուս Քրիստոսի բարութեամբ ու զօրութեամբ ալ «յաղթել» աշխարհին։