Խումբ մը վարորդներ բողոքի շարժում-երթ իրականցուցին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ` ընդդէմ ԱՊՊԱ վճարներու թանկացման:
Վարորդներն ազդանշանի միջոցով կը ներկայացնէին իրենց բողոքը: Թանկացումները ուժի մէջ պիտի մտնեն Փետրուար 7-էն:
Ոստիկանութիւնը բողոքի շարժումին շարք մասնակիցները բերման ենթարկեց, ինքնաշարժերը քարշակով տեղափոխուեցան տուգանային հրապարակ` երթեւեկելի հատուածի մէջ կայանելու եւ ոստիկանի օրինական պահանջին չենթարկուելու համար ձեւակերպմամբ:
«Տուգանք» անունով ֆէյսպուքեան խումբի անդամները մանրամասնեցին, որ շարք մը վարորդներու նկատմամբ նաեւ արձանագրութիւն կազմուած է:
«Ասում են` անհարկի երթեւակութեան համար, մենք պարզապէս մեր անհամաձայնութիւնն ենք յայտնում: Խնդիրը միայն ԱՊՊԱ-ն 3000 հազար դրամ թանկացնելով չի սահմանափակւում: Տարեկան 3000 դրամ է թանկանում, եթէ վթար չենք ունենում, եթէ օրինակ թանկ մեքենային ենք հարուածում, 300 տոկոսով է թանկանում: Շատ-շատ մարդիկ մատչելի մեքենայ են ձեռք բերում` հաշուի առնելով նաեւ նախատեսուող ծախսերը, պատկերացրէք` վթարային իրավիճակներ ստեղծուեն, եւ վարորդի համար այդքան թանկ արժենայ ԱՊՊԱ»-ն, նշեց վարորդներէն մէկը:
Վարորդներու խօսքով` իրենք կառավարութենէն ոչ ոքի հետ կ'ուզեն հանդիպիլ, պարզապէս ցոյց կու տան, թէ ինչ թանկացումներու եւ տուգանքներու առաջ կը կանգնեցնեն վարորդները:
Անոնց դիտարկմամբ` հարցը պիտի դրուէր լայն քննարկման, ԱՊՊԱ ոլորտի ներկայացուցիչներուն արտօնութիւններ տրուած են, անոնք ալ կը չարաշահեն զանոնք:
Վարորդները աւարտեցին բողոքի շարժումը, որպէսզի հասկնան` քանի հոգի բերման ենթարկուած է եւ քանի ինքնաշարժ տարուած է տուգանային հրապարակ: