Կեանքի համար պայքարելու ունակութիւնը, ոչ բոլորին է տրուած ու ապահով կերպով կեանքն ու մարդս շրջապատող հարազատները սիրելու մեծագոյն ցուցանիշը այդ պայքարը մինչեւ վերջ տանելու վճռակամութիւնն է։
«Արեւելք»ի բարեկամ հետեւորդներէն Յարութ Մէնտզիլճեան այսօր աւարտած է շողարձակ բուժման կարեւոր փուլը։
Այս մասին իմացանք մեր բարեկամի հարազատներէն։
Նշենք, որ ամիսներ առաջ մեր բարեկամին մօտ յայտնաբերուած էր քաղցկեղ, որուն համար ալ ան ենթարկուեցաւ բուժման կարեւոր փուլերու։
Արդիւնաւէտ բուժումը լաւագոյնս ստանալու համար Մէնտզիլճեան պիտի շարունակէ մնալ բժիշկներու խորհրդատւութեան ենթակայ ու այդ առումով ալ կը մաղթենք անդուլ կամք եւ համբերատարութիւն, թէ անոր, թէ ալ զինք սիրող ու յարգող հարազատներուն եւ ընկերներուն։
Յիշեցնենք, որ սեփական կեանքին մէջ կարեւոր յաջողութիւններու հասած եւ վարպետ շապկագործ հանդիսացող Յարութ Մէնզիլճեան , նոյնպէս նուիրեալ միութենական է եւ ան կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի Ճիւնի մասնաճիւղի յարգուած անդամներէն մին։
Լիարժէք առողջութիւն կը մաղթենք մեր բարեկամին։