image

Ապաքինման մաղթանք՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսին

  Ապաքինման մաղթանք՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսին

 Հալէպի կրթական կեանքին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող «Կրթասիրաց» վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոս օրերս անցուցած է ոսկրաբուժական բարդ գործողութիւն մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Լիարժէք առողջութիւն եւ ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք հալէպահայ շրջանակներուն մէջ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող Տիար Անդրանիկ Պօղոսին եւ ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք նուիրեալ գործիչին ստորագրութիւնը կրող հակիրճ գրառումը։

Անդրանիկ Պօղոս կը գրէ՝ 

 Սիրելի հայրենակիցներ անկեղծ շնորհակալութիւնս, երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ օսկրաբան մասնագէտ եւ ճարտար բժիշկ բժիշկ Ռիզքալլա Մալուին, ով լիովին եւ մեծ յաջողությամբ կատարեց իմ ծունկի յօդերու փոխարինման վիրահատութիւնը: Բժիշկին կը մաղթեմ ամենայն բարիք եւ յաջողութիւն իր աշխատանքին մէջ։ Շնորհակալ եմ նաեւ անոր օգնական ամբողջ բուժանձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որ սատարեցին այս վիրաբուժական գործողութեան յաջողութեան։ Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեզ բոլորիդ իմ բոլոր սիրելիներ, ընկերներ եւ ծանօթներ, դուք, որ միշտ մտածեցիք իմ մասին եւ ձեր բարի մաղթանքներով աւելի տանելի ըրիք այս դժուարին օրերը։

Առողջութիւն եւ յարգանք բոլորիդ»։