Հալէպի հայկական համայնքին մէջ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող Պօղոս Շէհիրեան օրերս փրկուած է ծանր արկածէ մը։
Արդարեւ հերթականին պէս Պրն. Շէհիրեան, երբ իր աշխատանքը կատարելու համար կ՚ուղղուէր հիւանդներէն մէկուն տունը շէնքի մը առաջին յարկէ երկաթէ կտոր մը կը զառնուի անոր գլխուն եւ ան ուշաթափուելով կ՚իյնայ գետին ու ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Կը հատուի անոր ոտքի մայր երակներէն մին եւ արագօրէն կը փոխադրուի հիւանդանոց։
Շէհիրեան կ՚ենթարկուի գործողութեան, որմէ ետք ալ պիտի անցընէ ապաքինման փուլ մը։
Նշենք, որ Պօղոս Շէհիրեան ազատ հիւանդապահ է, եւ վիրաբուժական աշխատանքներ կը կատարէ ու խնամքի կարօտ հիւանդներու կ՚այցելէ անոնց բնակարաններուն մէջ։
Մեր հայրենակից Պօղոս Շէհիրեան ամուսինն է Լուսին Աղազարեանի եւ հայրը երկու զաւակներու՝Յովիկ եւ Էմէլի։
«Արեւելք» այս առթիւ լիարժէք առողջութիւն կը մաղթէ մեր հայրենակիցին եւ բարի մաղթանք անոր որդւոյն, հալէպահայ երիտասարդ լրագրող՝ Յովիկ Շէհիրեանին։