image

Անուանակոչութեան նախատօնակ Երուսաղէմի մէջ

Անուանակոչութեան նախատօնակ Երուսաղէմի մէջ

Երուսաղէմ, Հայոց պատրիարքութիւն-Հին տոմարի համաձայն Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան (Ութօրէք) տօնի նախատօնակը կատարուեցաւ 25 Յունուար 2023, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Նախ կատարուեցաւ Յայսմաւուրքի ընթերցում, ապա՝ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Ժամերգութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ կանթեղներու լոյսին տակ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնի նախատօնակը:

Վաղը առաւօտ, Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Յարութեան Տաճարի մէջ՝ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ:

*

Սոյն ուխտագնացութեան օրերուն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան 19 Յունուար, ժամը 02.00-ին՝ Բեթղեհեմի Ս. Ծննդեան Տաճարին մէջ եւ 23 Յունուար, ժամը 03.00-ին՝ Ս. Յարութեան Տաճարի մէջ՝ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան 24 Յունուար առաւօտուն՝ Ս. Կոյս Աստուածամօր գերեզմանին վրայ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան 23 Յունուար առաւօտուն՝ Ս. Ծննդեան Տաճարի Ս. Այրին խորանին վրայ, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան 25 Յունուար, ժամը 03.00-ին՝ Ս. Յարութեան Տաճարի մէջ՝ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան 23 Յունուար առաւօտուն՝ Ս. Կոյս Աստուածամօր գերեզմանին վրայ ուխտի Ս. Պատարագ մատուցին։