Անթալիոյ մէջ հանդիպած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը։ Այս մասին X-ի իր էջին միջոցաւ յայտնած է Ռուբէն Ռուբինեանը։
«Սերդար Քըլըչի հետ լաւ քննարկում ունեցանք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի շուրջ, Անթալիայի ֆորումի շրջանակներում»,- գրած է Ռուբինեանը։
Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան Թուրքիա մեկնած է Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը մեկնարկած է 2022-ի սկիզբը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի առաջին հանդիպումը կայացած է 2022-ի յունուար 14-ին՝ Մոսկուայի մէջ։
Վերջին անգամ Ռուբինեանն ու Քըլըչը հանդիպած էին 2024-ի յուլիսին՝ հայ-թրքական սահմանին։