image

Անշահախնդիր ու վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի մահուան քառասունքին առիթով)

Անշահախնդիր ու վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի մահուան քառասունքին առիթով)

Սիրելի՛ եղբայր Ներսէս,

Դուն` ՀՄԸՄ-ի համալսարանէն ու կեանքի փորձաքարերէն յիշատակութեամբ շրջանաւարտ, քու օրինակելի ու վեհանձն միութենականի ու գլխագիր ՄԱՐԴու կեցուածքովդ, քու համեստ ու յարգալիր, մանաւանդ խանդավառ, յարատեւ եւ առոյգ գործունէութեամբդ միշտ պիտի մնաս քեզ ճանչցողներուն, հետդ աշխատածներուն, քու ներկայութիւնդ վայելածներուն եւ հետդ ժողովական եղածներուն, նաեւ անոնց ընդմէջէն` յաջորդող միութենականներուն կողմնացոյցը, որ զանոնք պիտի առաջնորդէ ու բարձրացնէ դէպի տիպար ՀՄԸՄ-ականի անսակարկ ու անշահախնդիր կազմաւորում ու վեհագոյն տեսլական:

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ անակնկալօրէն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ներսէս Ճուպանեան:

Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ ու քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ:

Սակայն ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ Մայիս 28-ի առիթով, 29 Մայիսին, Պուրճ Համուտի մարզադաշտի պատուոյ թրիպիունին մէջ, ՀՄԸՄ-ին կազմակերպած մայիսեան շքեղ փառատօնին սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ, երբ բոլոր ներկաներուն սրտերը կը տրոփէին պարծանքի, հրճուանքի, յուզմունքի եւ հետաքրքրութեան խառն զգացումներով, մեզի հետ գտնուող ու երկու վայրկեան առաջ սիրալիր մեզի բարեւած, մեզի հետ  համբուրուած եւ մեզ շնորհաւորած եղբայր Ներսէսին սիրտը պիտի դադրէր տրոփելէ:

Այո՛, ըսի` մեզմէ միա՛յն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ ան: Արդարեւ, եղբայր Ներսէսի բաժանումը իր միութենական եղբայրներէն ու քոյրերէն` մահուան պատճառած սովորական բաժանում չէ եւ չի կրնար ըլլալ, քանի որ անոր ոգին ու շունչը միշտ ներկայ են մեզի հետ ու յաւերժ ներկայ պիտի մնան` Ներսէս Ճուպանեանի մեզի աւանդած յստակ պատգամին ու խորիմաստ կտակին ընդմէջէն:

Օրինակելի ՀՄԸՄ-ական մը, որ օժտուած էր միութեան գաղափարախօսութիւնն ու տեսլականը իր շուրջիններուն յստակօրէն փոխանցելու կարողութեամբ: Ան այդ մէկը կը կատարէր ո՛չ քարոզներով, ո՛չ ալ լորձնաշուրթն դասախօսութիւններով (հակառակ անոր որ այդ կարողութիւնն ալ ունէր), այլ` իր համեստ օրինակով, գործելաոճով ու մտերմիկ զրոյցներով:

Հաճելի զրուցակից էր ան: Իրեն հետ ժողովական ըլլալը, աշխատիլն ու նոյնիսկ սեղանակից դառնալը անպայման դաստիարակիչ ու դարբնող անդրադարձ ունէին: Կեանքի դէպքերն ու դրուագները սուր  աչքով դիտելու եւ ապա զանոնք յարմար առիթներով հետաքրքրական ոճով պատմելու յատուկ շնորհքն ու ձիրքը ունէր ան: Իւրաքանչիւր պատմուածքի եւ զրոյցի ընդմէջէն կարելի է կեանքի իմաստն ու բարձր արժէքները ամփոփող դաստիարակիչ եզրակացութեան ու խրատի մը յանգիլ:

Ծառայութեան ոգիի հոմանիշ եղած է Ներսէս Ճուպանեան: Անտեսելով իր վարչականի կամ նոյնիսկ ատենապետի հանգամանքը` միշտ թեւերը սոթտած, համեստօրէն աշխատանքի կը լծուէր ու իր ազնիւ օրինակով իր շուրջիններն ալ կը խանդավառէր ու զուարթօրէն գործի կը լծէր:

Վերոյիշեալ այս բոլոր յատկութիւններուն համար ալ 21 Յունուար 2012-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահի բացման հանդիսութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զինք արժանաւորապէս պատուեց միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով:

 

***

Եղբայր Ներսէս գլխագիր ՄԱՐԴ էր: Տիպար ամուսին մը, որ իր ակնյայտ կնամեծարութեամբ իր շուրջ գտնուող բոլոր ամոլներուն իբրեւ բարի օրինակ կը ծառայէր: Գուրգուրացող եւ հոգատար հայր մը, որուն շօշափելի փաստը անոր զաւակներուն քաղաքակիրթ եւ ազնիւ նկարագիրի տէր ըլլալն է: Յարգալիր ու սիրող աներ մը, իր թոռնիկները պաշտող ու իրենց համար ամէնէն թանկագինն անգամ զոհող մեծ հայր: Իր շուրջիններուն հետ, մեծ թէ փոքր, յարգանքով վերաբերող ու բոլորին բարիք ցանկացող անձ մըն էր:

Այո՛, ՄԱՐԴ է:

Սկզբունքային եւ հայրենասիրական հարցերու մէջ անզիջող, պահանջկոտ ու հաստատամիտ էր: Ան սրբագրել միտող նկատողութիւնները միշտ ալ կառուցողական ու դրական ձեւով կ՛արտայայտէր` հաճելի ու զուարթ ոճ գործածելով ու հայրական գուրգուրանքն ու ջերմ զգացումները տիրական դարձնելով:

Սիրելի՛ եղբայր Ներսէս,

Դուն` ՀՄԸՄ-ի համալսարանէն ու կեանքի փորձաքարերէն յիշատակութեամբ շրջանաւարտ, քու օրինակելի ու վեհանձն միութենականի ու գլխագիր ՄԱՐԴու կեցուածքովդ, քու համեստ ու յարգալիր, մանաւանդ խանդավառ, յարատեւ եւ առոյգ գործունէութեամբդ միշտ պիտի մնաս քեզ ճանչցողներուն, հետդ աշխատածներուն, քու ներկայութիւնդ վայելածներուն եւ հետդ ժողովական եղածներուն, նաեւ անոնց ընդմէջէն` յաջորդող միութենականներուն կողմնացոյցը, որ զանոնք պիտի առաջնորդէ ու բարձրացնէ դէպի տիպար ՀՄԸՄ-ականի անսակարկ ու անշահախնդիր կազմաւորում ու վեհագոյն տեսլական:

Եղբա՛յր Ներսէս,

Ինչպէս կեանքդ, այնպէս ալ մահդ սովորական չեղաւ: Ասդենական կեանքին վերջին հրաժեշտ տուիր քու սիրած ու պաշտած միութեանդ ամէնէն յատկանշական տօնակատարութեան խանդավառ մթնոլորտի մէջ` շրջապատուած քեզ իսկապէս սիրող ու յարգող ՀՄԸՄ-ական երէց թէ երիտասարդ քոյր-եղբայրներովդ: Հայութեան տրոփող սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի մէջ սիրտդ դադրեցաւ տրոփելէ, եւ մաքուր ու ջինջ հոգիդ սաւառնեցաւ բարձրերը` մեկնելու դէպի անդենական, ուրկէ պիտի հետեւիս մեզի թէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց տողանցքը դիտելու եւ անոնց խրոխտ քայլերուն ի տես խանդավառուելու ու միեւնոյն ատեն յուզուելու առիթը չունեցար այս տարի: Ամբողջ կեանք մը ճիգ չխնայեցիր հայութեան ու ՀՄԸՄ-ի անունն ու կոչումը բարձր պահելու, Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան  ուրախ մթնոլորտի մէջ ալ բարձրացաւ հոգիդ` երթալու դէպի յաւերժութիւն:

Քեզ ու քու օրինակելի տիպարդ անկարելի է մոռնալ:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ:

 

 

Րաֆֆի Կէօվօղլանեան

 «Ազդակ»