ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմի դիմատետրեան էջէն վերահասու կը դառնանք, որ Անկլիքան Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պատուիրակ՝ Մայքըլ Եպիսկոպոս այցելած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին։
Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է՝
Անկլիքան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսի այցելութիւնը Սրբազան Հօր
Չորեքշաբթի 2 Նոյեմբեր 2022-ին առաւօտեան, Կիպրոսի եւ Ծոցի Երկիրներու Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Մայքլ եպիսկոպոսը, այցելեց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին: Հանդիպման ներկայ էին Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանը եւ Շարժայի Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Տրու Սչմօցերզ:
Հանդիպումը մտերմիկ ընթացք մը ունեցաւ, ուր երկու Սրբազան հայրերը խորհրդակցեցան Ծոցի Երկիրներու եկեղեցիներուն դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ միջեւ պատմական յարաբերութեան եւ աստուածաբանական երկխօսութեան մասին:
Նշենք որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ Անկլիքան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբնական երկխօսութեան, որուն համար յատուկ յանձնախումբ մը նշանակուած է զոյգ եկեղեցիներուն կողմէ:
Հանդիպման աւարտին ,Սրբազան հայրը Մայքլ Եպիսկոպոսին նուիրեց Վեհափառ Հայրապետի անգլերէն լեզուվ «For a Church Beyond its Walls» հատորը, իսկ Մայքլ եպիսկոպոսը իր կարգին յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Սրբազան հօր։