Յետագային, 1994-ին Պիշկեքի մէջ, Հայաստանի յաղթանակը ամրագրուեցաւ այսպէս կոչուած հրադադարի պայմանագրով, փոխանակ յանձնատուութեան (capitulation) պարտադրանքով։ Այս հրադադարի պայմանագիրէն ետք, Արցախի եւ Հայաստանի յաջորդական քաղաքական վերնախաւերը փոխանակ օրէնսդօրէն ամրագրէին Արցախի եւ Հայաստանի իրողապէս միացումը եւ Խորհրդարանով վերահաստատէին 1989-ի վերամիացման հռչակագիրը, ընտրեցին մշուշոտ եւ աննախատեսելի զարգացումներով այսպէս կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի ձեւաչափով երկարատեւ եւ հիւծող բանակցութիւնները իբրեւ թէ «հասնելու ինքնորոշման» անիրատեսական իրաւունքին։ Նոյնիսկ մինչեւ 1998 Արցախ իր պատուիրակութեամբ մասնակիցն էր Մինսքի ձեւաչափով բանակցութիւններուն, սակայն դժբախտաբար ան դուրս դրուեցաւ Հայաստանի այն օրերու անհեռատես քաղաքական ղեկավարութեան պատճառով։ Նոյնինքն Ռուսաստանի նախագահը բազմիցս յայտարարեց որ Արցախի անկախութիւնը չեն ճանչցած Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները։ Հետեւաբար այստեղէն կ՚ եզրակացնենք հետեւեալը, որ ռազմավարական իմաստով աւելի ճիշտ, քիչ կործանարար եւ հայանպաստ պիտի ըլլար ՄԻԱՑՄԱՆ օրակարգը եւ Արցախը յայտարարուէր որպէս Հայաստանի 13-րդ մարզ։ Աւելին, յետագային Քոսովոյի, Խրիմի, Տոնպասի եւ այլոց անկախութիւնները ցոյց տուին որ այդ անկախացած միաւորներու ետին կանգնած էին լուրջ աշխարհաքաղաքական ոյժային կեդրոններ, իսկ մենք արդեօ՞ք ունէինք այդ կեդրոններէն որեւէ մէկուն աջակցութիւնը, վստահաբար ո՛չ։
Արցախեան գոյամարտը ժամանակաւորապէս դադրեցաւ, երբ հակասահմանադրական, ապօրինի եւ «անհասկնալի» գործընթացով մը իշխանութեան եկան յայտնի աշխարհաքաղաքական ոյժային կեդրոնի մը հովանաւորութիւնը վայելող քաղաքական ոյժեր, եւ ի զարմանս մեր բոլորին, այդ նոյն ոյժերը որոնք յայտարարած էին թէ պայքարը ինքնիշխանութեան կամ ինքնորոշման համար շարունակուելու էր, եւ որ Լաչինի միջանցքին որպէս այլընտրանք Աղտամի անցակէտը «անընդունելի» էր, յանկարծ ստորագրեցին հրամանագիր «Արցախի պետականութեան լուծարման» մասին, որու հետեւանքով նախ լուծարուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը, թշնամիին յանձնուեցաւ $1.5 միլիարդ գնահատուող զէնք եւ զինամթերք,Արցախի մեր հայրենակիցները լքեցին հազարամեակներու իրենց պապենական հողերը եւ կեցութիւն հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ։ Թէ ինչու՞ Արցախի նախկին եւ «ներկայ» իշխանութիւնները մերժեցին արեւմտեան հարթակով Սոֆիայի եւ Պրաթիսլավայի Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ բանակցութիւնները եւ որպէս այլընտրանք որոշեցին ռուսական հովանաւորութեամբ Եվլախի հարթակը, բոլորիս համար հասկնալի է, որտեղ արցախահայերու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու «երաշխիքներ» տրուեցան, վերահամակեցութեան (վերաինդեկրման) պայմաններով «կրօնական եւ մշակութային ինքնավարութիւններով» եւ այլ սին խոստումներ, որոնց մասին «հայազգի» Լավրով այնքա՜ն հաւաստիացումներ շռայլեց։ Իսկ արդիւ՞նքը այս բոլորին...... ներխուժում, ցեղասպանութիւն, արտագաղթ։
Պատմութեան համար նշենք որ, 1921-ի Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներով Նախիջեւանը կը տրուէր Ատրպէյճանի «խնամակալութեան» եւ այնտեղ որեւէ երրորդ երկիր իրաւունք չ՚ ունէր ռազմական ներկայութիւն ունենալ։ Բայց ինչպէս գիտենք, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք թուրքական բանակի օրինաւոր ռազմական միաւորներ այսօր ներկայ են Նախիջեւանի մէջ, Ռուսաստանի իմացութեամբ եւ թոյլտուութեամբ։ 2020 Նոյեմբերի 9-ի հրադադարի պայմանագրով Ռուսաստան Ատրպէյճանի հետ միասին, խախտած է իրեն բաժին հասանելիքով այդ պայմանագրի անխտիր բոլոր դրոյթները, ընդհուպ իր ռազմավարական թշնամի ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ միասին ռազմական-«դիտորդական» կեդրոն տեղադրած է Աղտամի մէջ։ Նոյեմբեր 9-ի պայմանագրի Ա. կէտով, հրադադարի պահին ատրպէյճանական զինուած ոյժերը պէտք չէ առաջանային եւ կանգնէին այնտեղ որտեղ կանգ առած էին։ Բայց ինչպէս դէպքերը ցոյց տուին, հրադադարէն ետք, անոնք ներխուժեցին Արցախի Խծաբերդ (որտեղ ազերի բանակը 60-է աւելի հայ զինւորներ գերեվարեց), Հին Թաղեր, Քարագլուխ, Փառուխ, Բերձոր, Աղաւնոյ, Սուս , իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւ Լիճ, Սոթք, Ջերմուկ եւ Սիւնիքի կարեւոր ռազմավարական բարձրունքներ, եւ այս բոլորը ռուսական սահմանապահ կամ«խաղաղապահ» զօրքերու առկայութեամբ։ Այստեղ հարկ է նշել որ յիշատակուած տարածքներու ատրպէյճանական ներխուժումները տեղի ունեցան 2022 Հոկտեմբեր 6-էն առաջ, այսինքն այն օրը երբ Հայաստանի վարչապետը հարկադրաբար Փրակայի մէջ յայտարարեց որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, հաւանաբար փորձելով զսպել Ատրպէյճանի սանցարձակ նկրտումները։ Նոյն պայմանագրով «խաղաղապահ» ոյժերը պարտաւոր էին Լաչինով 5 քիլոմեթր լայնքով բեռնատարներու եւ մարդկանց անխափան երթեւէկութիւնը վերահսկել եւ ապահովել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ։
Դարձեալ պատմութեան համար նշենք, որ Ռուսաստան իր դաշնակցային եւ միջազգային իրաւա-պայմանագրային պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս խախտած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի (Ալմա Աթայի) հռչակագիրները։ ԱՊՀ-ի մասով ` Մոլտավայի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ ինքնիշխան տարածքներ ներխուժելով։ Հաւանաբար, Բաքուի բռնապետը, որ նոյնպէս խախտած է Ալմա Աթայի հռչակագիրը, ինչպէս ինք յաճախ կ՚ արտայայտուի, որ «ոյժէն կը ծնի իրաւունքը», տեսնելով անպատժելիութեան մթնոլորտը, նմանատիպ մարտավարութիւն որդեգրած է ինչպէս Ռուսաստանը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին եւ 1997-ին ստորագրուած Հայ-ռուսական ռազմական փոխօգնութեան, ինչպէս նաեւ հետագային միացեալ Հակա-օդային պաշտպանական համակարգի (ՀՕՊ) պայմանագիրներուն, ապա Ռուսաստան բազմիցս փաստած է որ ինք Հայաստանի յուսալի դաշնակիցը չէ, եւ իրեն համար ռուս-թուրքական եւ ռուս-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը աւելի գերադասելի եւ շահաւէտ է քան հայ-ռուսականը։ Հասկնալի է որ քաղաքականութեան մէջ չկան հաւերժական թշնամիներ եւ բարեկամներ , այլ կան շահեր։ Այս ելակէտը նկատի ունենալով, պիտի ըսենք որ աշխարհաքաղաքական այս խառնաշփոթ, աննախատեսելի եւ վտանգաւոր իրավիճակներուն մէջ, այս օրերուն Ռուսաստանի պետական շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն հետ։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օգտուելով Ռուսաստանի Ուքրանական ճակատով գերզբաղուած եւ միջազգային պատժամիջոցներու պարտադրած տնտեսական դժուարութիւններէն, անոնք կ՚ օգնեն Ռուսաստանին յաղթահարելու կամ շրջանցելու այդ պատժամիջոցները, փոխարէնը ստանալով Ռուսաստանի քառ լռութիւնը հակահայկական բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն որոնք կ՚ իրականանան ի հաշիւ հայ անմեղ զոհերու եւ հայկական տարածքներու։ Այս օրերուն շատ յաճախ տարբեր վերլուծաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ արդարօրէն հարց կ՚ ուտան թէ ինչու՞ հաւաքական արեւմուտքը միայն խօսքերով կը դատապարտէ Ատրպէյճանի սանցարձակ սահմանային սադրանքները եւ ցեղասպանական վարքագիծը։ Պէտք է հարց տալ այդ մարդկանց, արդեօ՞ք Հայաստան ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ ունի որեւէ տեսակի ռազմաքաղաքական, տնտեսական իրաւա-պայմանագիր իր ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու։ Պատասխանը յստակ է, ո՚ չ։ Իսկ վերոյիշեալ մարդկանց պէտք է հարց տալ, իսկ ինչու՞ մեր ռազմավարական դաշնակիցը երբե՚ ք, այո երբե՚ք չէ քննադատած կամ դատապարտած Ատրպէյճանի բռնապետի ծաւալապաշտական, պետական հայատեաց եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը։
Վերադառնալով Արցախեան հիմնախնդրին, ինչու՞ հասանք այս օրին։ Պատճառա-հետեւանքային տրամաբանութեամբ դիտարկենք կարեւոր հանգրուաններ որոնք ճակատագրական եղան Արցախի համար։ Վկայակոչելով յայտնի դիւանագէտ եւ պատմաբան Արա Պապեանին, ան յաճախ արտայայտած էր այն միտքը, որ Արցախի այսպէս կոչուած անկախութիւնը իր մէջ կը պարունակէր խութեր եւ վտանգներ, եւ որ Արցախի Հայաստանին ՎԵՐԱՄԻԱՑՄԱՆ օրակարգը աւելի նպատակայարմար եւ հայանպաստ էր։ Յաջորդական իրադարձութիւնները եւ այս օրերու պատահած մեծագոյն պատուհասը ՚ Արցախի կորուստը, եկան փաստելու որ պրն. Պապեանի թէզերը ճիշտ էին։ Նախ պէտք է ըսել որ Արցախի Հայաստանին վերամիացման հռչակագիրը ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, Անկախութեան Հռչակագրի ենթաբաժինի մէջ։ Արցախի Հայաստանին վերամիացման հռչակագիրը տեղի ունեցաւ 1989-ի Դեկտեմբեր 1-ին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային Խորհուրդի միացեալ յայտարարութեամբ։ Ատրպէյճան 1989-1991, բացի Բաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի սպանդներէն, չհամարձակեցաւ ներխուժել Լեռնային Ղարաբաղի տարածք մինչեւ այն պահը երբ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Շահումեանի շրջանը միասնաբար 1991 Սեպտեմբեր 2-ին ընդունեցին Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան հռչակագիրը։ Իսկ անկախութիւն հռչակած Լեռնային Ղարաբաղը 1991 Դեկտեմբեր 21-ին պաշտօնապէս դիմեց ԱՊՀ-ին միանալու, սակայն Ռուսաստան մերժեց այդ դիմումը։
Յետագային, 1994-ին Պիշկեքի մէջ, Հայաստանի յաղթանակը ամրագրուեցաւ այսպէս կոչուած հրադադարի պայմանագրով, փոխանակ յանձնատուութեան (capitulation) պարտադրանքով։ Այս հրադադարի պայմանագիրէն ետք, Արցախի եւ Հայաստանի յաջորդական քաղաքական վերնախաւերը փոխանակ օրէնսդօրէն ամրագրէին Արցախի եւ Հայաստանի իրողապէս միացումը եւ Խորհրդարանով վերահաստատէին 1989-ի վերամիացման հռչակագիրը, ընտրեցին մշուշոտ եւ աննախատեսելի զարգացումներով այսպէս կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի ձեւաչափով երկարատեւ եւ հիւծող բանակցութիւնները իբրեւ թէ «հասնելու ինքնորոշման» անիրատեսական իրաւունքին։ Նոյնիսկ մինչեւ 1998 Արցախ իր պատուիրակութեամբ մասնակիցն էր Մինսքի ձեւաչափով բանակցութիւններուն, սակայն դժբախտաբար ան դուրս դրուեցաւ Հայաստանի այն օրերու անհեռատես քաղաքական ղեկավարութեան պատճառով։ Նոյնինքն Ռուսաստանի նախագահը բազմիցս յայտարարեց որ Արցախի անկախութիւնը չեն ճանչցած Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները։ Հետեւաբար այստեղէն կ՚ եզրակացնենք հետեւեալը, որ ռազմավարական իմաստով աւելի ճիշտ, քիչ կործանարար եւ հայանպաստ պիտի ըլլար ՄԻԱՑՄԱՆ օրակարգը եւ Արցախը յայտարարուէր որպէս Հայաստանի 13-րդ մարզ։ Աւելին, յետագային Քոսովոյի, Խրիմի, Տոնպասի եւ այլոց անկախութիւնները ցոյց տուին որ այդ անկախացած միաւորներու ետին կանգնած էին լուրջ աշխարհաքաղաքական ոյժային կեդրոններ, իսկ մենք արդեօ՞ք ունէինք այդ կեդրոններէն որեւէ մէկուն աջակցութիւնը, վստահաբար ո՛չ։
Գէորգ Հալէպլեան
Նիւթը՝ «Պայքար»էն