image

«Հայաստանը կը շարունակէ մնալ մեր դաշնակիցը». ՀԱՊԿ-ի Քարտուղար

«Հայաստանը կը շարունակէ մնալ մեր դաշնակիցը». ՀԱՊԿ-ի Քարտուղար

Հայաստանի նկատմամբ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան բոլոր պարտաւորութիւնները կը մնան անփոփոխ։ Այս մասին «Սփութնիկ» գործակալութեան հայկական ծառայութեան բազմամամուլ հարթակով կայացած տեսակամուրջի ժամանակ ըսած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ կառոյցի միջեւ յարաբերութիւններու վերջերս հաստատուած ձեւաչափն առաջին հերթին Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան որոշումն է։ Ինչպէս յայտնի է, Երեւան յայտարարած է կառոյցին անդամակցութիւնը սառեցնելու մասին, բայց միեւնոյն ժամանակ չէ առարկած վերջնական փաստաթուղթերու ընդունման։

Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ Երեւանի չմասնակցիլը հարցերու քննարկման չ'ազդեր կառոյցի արդիւնաւէտութեան վրայ։

«Այնուամենայնիւ, ելլելով անկէ, որ Հայաստանը մեր դաշնակիցն է, Հայաստանի նկատմամբ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները կը պահպանուին:  Ան ցանկացած պահու կրնայ վերադառնալ կազմակերպութեան լայնամաշտապ մասնակցութեան, առարկութիւններ չկան»,- աւելցուցած է Թասմաղամպեթով։