«Արեւելք» կը հաղորդէ մանրամասնութիւններ այսօր առաւօտ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մասին։
Ըստ Թուրքիոյ ապահովութեան մարմիններու երկու ահաբեկիչներ յարձակում գործած են երկրի Խորհրդարանի շէնքին ուղղութեամբ։ Լսուած են պայթումներ, իսկ ահաբեկիչներէն մին ինքզինք պայթեցուցած է, մինչ երկրորդը սպաննուած է Ապահովութեան ուժերուն կողմէ։
Նոյնը հաստատած է երկրի ներքին գործոց նախարար՝ Ալի Եէրլիքայան։
Աւելի ուշ լսուած են եւս պայթումներ, ու յատկանշականը այն է, որ դէպքը տեղի ունեցած է այն պահուն, որ նորընտիր Խորհրդարանը պիտի անցնի իր աշխատանքի եւ գումարէ առաջին նստաշրջան։
Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահը եւս ներկայ պիտի ըլլար այսօրուայ նիստին։
Մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ կողմ ստանձնած է դէպքին պատասխանատւութիւնը։
Այս առաւօտ Անգարայի մէջ եղած միջադէպի տեսանիւթը։ Թաղային կռիւի կը նմանէր եղածը, եւ աւելի ուշ պարզ դարձաւ որ ահաբեկչական յարձակում էր ուղղուած՝ Խորհրդարանին դէմ։@arevelk1 pic.twitter.com/6YllLD0M4w
— arevelk.am (@arevelk1) October 1, 2023