ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին շնորհաւորական նամակ գրած է Անկախութեան օրուայ առթիւ: Ինչպէս կը յայտնէ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը, ուղերձին մէջ կ'ըսուի.
«Այս տարի մենք կը նշենք Միացեալ Նահանագներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ տարեդարձը: Անցեալ 30 տարուան մէջ մեր համագործակցութիւնը ուժանիւթային աղբիւրներու զանազանացման եւ միջազգային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ իր պտուղները կու տայ պատմութեան կարեւոր պահին, Ատրպէյճանը նշանակալի դեր կը խաղայ եւրոպական եւ միջազգային շուկաներու անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Ատրպէյճանի կողմէ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մարդասիրական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ օգնութեան տրամադրումը կարեւոր ուղերձներ են: Մենք նաեւ հաւանութիւն կու տանք Ձեր զգալի ներդրման ահաբեկչութեան դէմ համաշխարհային պայքարի գործին մէջ:
Այժմ եկած է ժամանակը յուսալու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւոր հնարաւորութիւն ստեղծուած է: ԱՄՆ-ն պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ տնտեսական, ճանապարհային կապերու եւ մարդոց միջեւ կապերու հաստատման, ինչ որ պիտի բերէ Կովկասի եւ Անդրկասպեան տարածաշրջանի բարգաւաճման: Ատրպէյճանին կոչ կ'ընենք նպատակաուղղուած քայլերու նախաձեռնել ժողովրդավարական կառավարման եւ բարեփոխումներու ոլորտներուն մէջ:
Այս համաշխարհային անկայուն ժամանակաշրջանին մէջ, երբ Ռուսիան, պատերազմ ծաւալելով Ուքրանիոյ դէմ, կը փորձէ շարքիցէն հանել միջազգային անվտանգութեան հիմնական կանոնները, ԱՄՆ-ն եւս մէկ անգամ կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան: Յառաջիկայ տարիներուն եւ տասնամեակներուն մենք մտադիր ենք ալ աւելի ընդլայնել մեր յարաբերութիւնները:
Ատրպէյճանցի ժողովուրդին Անկախութեան օրուայ առթիւ լաւագոյն մաղթանքներս կը փոխանցեմ»: