image

ԱՄՆ-ն պիտի օգնէ Իսրայէլին պաշտպանուիլ Իրանի սպառնալիքներէն․ Պայտըն

ԱՄՆ-ն պիտի օգնէ Իսրայէլին պաշտպանուիլ Իրանի սպառնալիքներէն․ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին վստահեցուցած է, որ ԱՄՆ-ն պատրաստ է օգնելու Իսրայէլին՝ «պաշտպանուելու Իրանէն առկայ բոլոր սպառնալիքներէն»։ Այդ մասին յայտնած են Սպիտակ տունէն։

Պայտըն Նաթանիահուի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնն Իսրայէլի անվտանգութեան՝ ընդդէմ Իրանի բոլոր սպառնալիքներու, ներառեալ անոր «փրոքսի» ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ «Համաս»-ի, «Հըզպալլա»-ի եւ հուսիներու: 

«Նախագահը քննարկած է սպառնալիքներու լոյսին տակ, այդ շարքին՝ պալիսթիք հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու, Իսրայէլի պաշտպանութեանն աջակցելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի նոր պաշտպանական ռազմական տեղակայումները: Իսրայէլի պաշտպանութեան ուղղուած այս յանձնառութեան հետ մէկտեղ նախագահը շեշտած է տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը թուլացնելու շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը: Կոչին միացած է նաեւ փոխնախագահ Հարիսը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։