image

ԱՄՆ Մեկնաբանած է Փաշինեան- Ալիեւ- Պլինքըն հանդիպումը

ԱՄՆ Մեկնաբանած է Փաշինեան- Ալիեւ- Պլինքըն հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը մեկնաբանած է Միւնիխի մէջ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսի մեկնաբանութեան մէջ նշուած է.«Պետական քարտուղար Էնթընի Ջ. Պլինքըն այսօր (18 փետրուարին) Միւնիխի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Ան ի գիտութիւն ընդունած է այն զգալի առաջընթացը, որուն երկու կողմերը հասած են վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշելի առաջարկը՝ կողմերը հիւրընկալելու Պրիւքսէլի մէջ»։

Փրայս նաեւ նշած է, որ եռակողմ քննարկման ընթացքին պետական քարտուղարը ընդգծած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց առեւտրային եւ մասնաւոր տարանցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կոչ ըրած է կողմերուն բանալու այլ փոխադրային ուղիներ։