image

ԱՄՆ մեղմած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները

ԱՄՆ մեղմած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները

Ուաշինկթըն մեղմած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները: Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտի նախարարութեան տուեալով՝ ատոնք կը վերաբերին ուժանիւթային, ջրային միջոցներուն, գումարային փոխանցումներուն եւ միտուած են դիւրացնելու Սուրիոյ վերակառուցումը՝ Պաշշար Ասատի կառավարումէն ետք:

«Խօսքը 2024 թուականի դեկտեմբեր 8-էն ետք Սուրիոյ կառավարական կառոյցներու հետ գործարքներու մասին է, որոնք կը ներառեն նաւթի, նաւթամթերքի, բնական կազի եւ ելեկտրային ուժանիւթի վաճառքի, մատակարարման, պահպանման կամ անհատոյց փոխանցման ոլորտի մէջ աջակցութիւն»,-յայտնած է ամերիկեան կողմը:

Ելեւմուտի նախարարութենէն մանրամասնած են, որ պատժամիջոցներու թուլացումը չի տարածուիր զինուորական կամ հետախուզական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ գործարքներու վրայ, չենթադրեր սուրիական ծագման նաւթի կամ նաւթամթերքի ներմուծում Միացեալ Նահանգներ: Ուաշինկթընը կը բացառէ նաեւ հնարաւոր գործարքներուն Ռուսիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը:

Բացի այդ՝ 6 ամիսով տրամադրուած ամերիկեան արտօնագիրը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն թոյլ  կու տայ ներգրաւուիլ Սուրիոյ մէջ «իրաւունքի գերակայութեան» հետ կապուած գործընթացներուն: