image

ԱՄՆ-ի կողմէ ռուսական կազ գնելու համար 30 օրուան պայմանաժամ` հնդկական ընկերութիւններուն

ԱՄՆ-ի կողմէ ռուսական կազ գնելու համար 30 օրուան պայմանաժամ` հնդկական ընկերութիւններուն

Միացեալ Նահանգները հնդկական ընկերութիւններուն տուած է 30-օրեայ թոյլտուութիւն՝ գնելու ծովուն մէջ նաւթատարներու մէջ գտնուող ռուսական նաւթը, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարարութեան ղեկավար Սքոթ Պեսենթը։

«Այս միտումնաւոր կարճաժամկէտ միջոցը զգալի ֆինանսական օգուտ պիտի չբերէ ռուսական կառավարութեան, քանի որ ան կը թոյլատրէ գործողութիւններ իրականացնել միայն այն նաւթի հետ, որ արդէն խցանուած է ծովուն մէջ»,- գրած է ան X ընկերային ցանցի իր էջին։

Արտօնագիրը կը վերաբերի միայն այն արտադրանքին, որ նաւթատարներու մէջ բեռնուած է մինչեւ մարտ 5-ը։ Թոյլտուութիւնը պիտի գործէ մինչեւ ապրիլ 4-ը։

Նախարարի կարծիքով՝ ընդունուած միջոցը թոյլ պիտի տայ թուլացնել համաշխարհային ուժանիւթի վրայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով պայմանաւորուած ճնշումը:

Փետրուարի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չեղարկած էր Հնդկաստանէն ներկրուող ապրանքներու համար սահմանուած 25 տոկոս լրացուցիչ տուրքը՝ յայտարարելով, որ փոխարէնը Նիւ Տելին պարտաւորուած է հրաժարիլ ռուսական նաւթի գնումէն: