Միացեալ Նահանգներու վիզաներու վերաբերեալ Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է: «COVID-19 համաճարակի պատճառով Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը դեռ չի կրնար վերսկսիլ վիզաներու հետ կապուած ծառայութիւններու մատուցումը», նշուած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կայքին մէջ։
«Առաքելութեան տեսանկիւնէն առաջնային վիզաներու դասակարգերուն մէջ՝ ներառեալ սահամանափակ թիւով այցեր կապուած խնդրագիրներու հիման վրայ աշխատանքային վիզաներու, ուսանողական վիզաներու եւ այցելուներու փոխանակման վիզաներու հետ, մենք ներկայիս կ'ապահովենք այնքան այցեր, որքան անվտանգութեան նկատառումները, տեղական պայմանները եւ միջոցները թոյլ կու տան: Մենք կը յորդորենք բոլոր դիմողներուն ուշադրութիւն դարձնել առկայ սահմանափակումներուն եւ հնարաւորինս շուտ դիմել վիզաներու համար: Այցերը կը նշանակուին համաձայն դիմողներու գրանցման հերթականութեան։
Ոչ-ներգաղթային վիզայի (մուտքի արտօնագրի) վերաբերեալ թարմացումներ.
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը գիտակցի, որ շատ մարդիկ վճարած են վիզայի համար նախատեսուած վճարը եւ դեռ կը սպասեն հարցազրոյցի օրուայ նշանակման: Մենք ջանասիրաբար կ'աշխատինք, որպէսզի կարողանանք հնարաւորինս արագ եւ անվտանգ վերսկսիլ վիզաներու հետ կապուած բոլոր ծառայութիւններու մատուցումը։ Վստահ եղէք, որ բոլոր անոնք, որոնք հիւպատոսական ծառայութիւններու կասեցման հետեւանքով չեն կարողացած նշանակել հարցազրոյցի օր եւ/կամ ներկայանալ հարցազրոյցի, կը կարողանան օգտագործել իրենց վճարումը (յայտնի է որպէս MRV վճար) մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022։ Կը խնդրենք հետեւիլ կայքի թարմացումներուն՝ վիզաներուն առնչուող բոլոր ծառայութիւններու վերսկսման վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար:
Վիզայի փաստաթղթերի համար սուրհանդակային ծառայութիւնների վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ստանալու համար այցելեցէք կայք։»