Միացեալ Նահանգները դեկտեմբերի վերջը պիտի յայտարարէ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած ռազմական օգնութեան նոր փաթեթի մասին, որ վերջինը պիտի ըլլայ, քանի որ Քիեւին աջակցելուն ուղղուած միջոցները կը սպառին։ Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, լրագրողներու հետ առցանց ճեպազրոյցին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քըրպին։
«Մենք դեռ կը ծրագրենք այս ամսուան վերջը Ուքրանիոյ օգնութեան մէկ փաթեթ տրամադրել», -ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան:
Սպիտակ տան ներկայացուցիչի խօսքով՝ առանց Միացեալ Նահանգները Քոնկրեսի կողմէ նոր միջոցներ յատկացնելու որոշման, Ուաշինկթըն այլեւս հասանելի միջոցներ չունենար Քիեւին աջակցելու համար:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ մնացած հասանելի միջոցներն ուղղուած են իրենց մատակարարումներու պաշարները համալրելու համար։