image

ԱՄՆ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի Թեմերու Առաջնորդները միատեղ ժողով գումարեցին

   ԱՄՆ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի Թեմերու Առաջնորդները միատեղ ժողով գումարեցին

 Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի Թեմերու առաջնորդ սրբազանները ի մի գալով հերթական ժողով մը գումարած են։

Ասոր մասին «Արեւելք» կարդաց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Երեքշաբթի, օգոստոս 6-ին, հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երեք Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը հանդիպեցան Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ:

Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արեւմտեան Թեմի, Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Գանատայի Թեմին, եւ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան, Արեւելեան Թեմին առաջնորդները խորհրդակցեցան Թեմերուն առընչուող հոգեւոր եւ վարչական գործնական հարցերը քննելով։ Այս հանդիպումները տեղի կ'ունենան առնուազն տարին երկու անգամ: 

Քննարկուած հարցերէն էին կղերին վերապատրաստութեան միջ-թեմական ծրագիրներու մշակումը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին քրիստոնէական դաստիարակութեան, թեմական աշխարհական ղեկավարներու կազմութեան, եւ հաւատացեալներուն հոգեւոր խնամքին վերաբերեալ յայտագիրներու պատրաստութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը որոշեցին թեմերուն հոգեւորականներուն համար միացեալ ընթացիկ պատրաստութեան հանդիպումներ ունենալ 2025-ին, եւ Թեմական Խորհուրդներու Ատենապետներու հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ՝ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուն։ Քննարկուեցաւ նաեւ 2025-ի յուլիս ամսուն կայանալիք Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումին (ՀԵՀԵՄ) ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Էջմիածին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեամբ։

Այս տարի Գանատայի Թեմը իր կազմութեան 40-ամեակը կը յիշատակէ, եւ այս բարեբաստիկ առիթով Յովնան եւ Մեսրոպ Սրբազանները իրենց ջերմ մաղթանքները յայտնեցին Առաջնորդ Աբգար Սրբազանին՝ Գանատայի Թեմին հոգեւոր յարատեւ աճումին եւ անսասան հաստատութեան համար: