image

ԱՄՆ 600 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Քիեւին

ԱՄՆ 600 միլիոն  տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ  Քիեւին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յանձնարարած է 600 միլիոն տոլարի օգնութիւն յատկացնել Ուքրանիոյ, ներառեալ 350 միլիոն տոլար՝ պաշտպանական ծախսերու համար։ Որոշումը Պայտըն ընդունած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւններու ֆոնին, հաղորդած է ՐՊՔ-ը։

Յուշագիրը հրապարակուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ։

«Պետական քարտուղարին տրամադրել հետեւեալ լիազօրութիւնները... անյապաղ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ»,- ըսուած է փաստաթղթով։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն պէտք է որոշէ, թէ արդեօք ԱՄՆ-ի շահերէն կը բխի Ուքրանիոյ 250 միլիոն տոլար անհատոյց օգնութիւն տրամադրելը։ Եւս 350 միլիոն տոլար գնահատուած են պաշտպանական ծախսերը եւ ՊՆ-ի ծառայութիւնները։

Քիեւին վարկ տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած է նաեւ Մեծ Բրիտանիան։ Խօսքը շուրջ 500 միլիոն տոլարի մասին է։ Նպատակը «ռուսական յարձակողականին տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելն է»։

Աւելի վաղ ԱՄՆ-ի վարչակազմը Քոնկրէսէն խնդրած է յաւելեալ 6,4 միլիառ տոլար՝ Ուքրանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու օգնութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ Փենթակոնի կարիքներուն համար, հաղորդած է Bloomberg-ը՝ վկայակոչելով աղբիւրը։ Կ'ենթադրուի, որ այդ գումարէն 2,9 միլիառ տոլար կը յատկացուի Ուքրանիոյ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Քիեւին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Բացի այդ, օգնութիւն կը յատկացուի Պալթեան երկիրներուն, Լեհաստանին եւ շարք մը այլ պետութիւններու։ Միջոցները նախատեսուած են տնտեսական վիճակի կայունացման, պարէնային ապրանքներու գնման համար։ Ըստ ծրագրին՝ 3,5 միլիառ տոլար կը յատկացուի Փենթակոնի կարիքներու համար՝ կապուած Ուքրանիոյ իրադարձութիւններու հետ։