image

Ամերիկեան զօրքերը Ռուսիոյ դէմ պատերազմի՞ կը պատրաստուին.Newsweek

Ամերիկեան զօրքերը Ռուսիոյ դէմ պատերազմի՞ կը պատրաստուին.Newsweek

Ամերիկեան օդանաւակիրը պատրաստ է գլխաւորելու միջազգային գրոհը, եթէ Ռուսիան զօրացնէ յարձակումները Ուքրանիոյ եւ անոր դաշնակիցներու դէմ, գրած է Newsweek-ը։

«George H.W. Bush (CVN 77) օդանաւակիրը Ատրիաթիք ծովուն մէջ է՝ ՆԱԹՕ-ի «Neptune Strike 2022» զօրավարժութիւններու համար։

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին Ալպանիան, Գանատան, Քրուաթիան, Ֆինլանտան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Յունաստանը, Հունգարիան, Իտալիան, Լիթվան, Հիւսիսային Մաքետոնիան, Լեհաստանը, Ռումինիան, Սլովաքիան, Սլովենիան, Շուէտը, Թուրքիան, Մեծ Բրիտանիան եւ ԱՄՆ-ը։

«Neptune Strike 2022»-ը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հզօրութեան եւ հնարաւորութիւններու ցուցադրումն է գործունէութեան բոլոր ոլորտներու մէջ»,- ըսած է ԱՄՆ Վեցերորդ նաւատորմի եւ ՆԱԹՕ-ի աջակցման ուժերու հրամանատար, փոխծովակալ Թոմաս Իշին։ «Neptune Strike 2022»-ը ՆԱԹՕ-ի՝ օդանաւակիրներու հարուածային խումբի ծովային մարտական բարձր արհեստագիտական հնարաւորութիւնները համարկելու ունակութեան ցուցադրումն է»։

Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին աւելի քան 80 ինքնաթիռ, 14 նաւ եւ մօտ 6 000 զինծառայող ՆԱԹՕ-ի գործընկեր եւ դաշնակից 24 երկիրներէ, ներառեալ Ֆինլանտան եւ Շուէտը

F-18երու զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս վերջին օրերուն ԱՄՆ Ռազմածովային ուժերը դէպի Լիթվա թռիչքներ իրականացուցած են օդանաւակիրէ՝ աշխատելով Ֆրանսայի, Լաթվիայի եւ Հունգարիոյ հետ միասին։ Տեղեկացուած է, որ մինչ այդ նոյն կործանիչը միացած է գանատական կործանիչներուն՝ Ռումինիոյ երկինքը պարեկելու համար։

Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ Ռազմածովային ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ, նաւապետ Թամարա Լոուրէնսը հաստատած է Newsweek-ի հրապարակումը՝ նշելով, որ օդանաւակիրը կը մասնակցի «Neptune Strike» ծրագրին։

«Մենք կ'ուզենք, որ պատերազմը (Ուքրանիոյ) աւարտի, որ տարածաշրջան վերադառնայ կայունութիւնը եւ ունենանք խաղաղ եւ կայուն Եւրոպա»,-ըսած է ծովակալ Տենիս Ուէլեզը։

Անոր խօսքով՝ ինքը տեսած է երկու ռուսական ռազմանաւ, որոնք հետեւած են ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններուն։

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը  երեքշաբթի այցելած է օդանաւակիր՝ այն անուանելով «դաշինքին ԱՄՆ-ի հաւատարմութեան ցուցադրում»։

«Այս զօրավարժութիւնները թրանսաթլանթեան կապի, ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի համատեղ աշխատանքի հիանալի օրինակ են»,- ըսած է Սթոլթենպըրկը։ «ՆԱԹՕ-ն պաշտպանական դաշինք է։ Մեր զսպման կարողութիւնը կը կանխէ հակամարտութիւնները եւ կը պահպանէ խաղաղութիւնը։ Մեր ուժը կ'օգնէ կանխել ցանկացած վրիպում՝ յստակ ազդանշան ուղարկելով. ՆԱԹՕ-ն կը պաշտպանէ դաշնակցային տարածքի ցանկացած մատնաչափ»,-ըսած է ան։

Ան նաեւ զգուշացուցած է Ռուսիան, որ ան «չօգտագործէ կեղծ պատրուակներ հետագայ մագլցումի համար»։

Ամերիկեան գիտնականներու ֆետերացիայի միջուկային տեղեկատւութեան նախագիծի տնօրէն Հանս Քրիսթէնսընը նախազգուշացուցած է, որ Ռուսիա կրնայ միջուկային զէնք փորձարկել ՆԱԹՕ-ի «Steadfast Noon» միջուկային զօրավարժութիւններու հետ միաժամանակ։