image

Ամերիկեան ուժերուն պարտադիր պատուա՞ստ

Ամերիկեան ուժերուն պարտադիր պատուա՞ստ
Փենթակոնը մտադիր է մինչեւ 15 Սեպտեմբերը COVID-19 «քորոնա» ժահրի դէմ պարտադիր պատուաստում սահմանել ամերիկեան զինուած ուժերու բոլոր ծառայողներու համար: Այդ մասին հաղորդած է Associated Press  գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Լիոյտ Օսթընի ծառայողական նամակը:
 
«Ես կը ձգտիմ այն բանին, որ նախագահը Սեպտեմբերի կէսերէն ոչ ուշ հաւանութիւն տայ պարտադիր պատուաստման»,-գործակալութիւնը մէջբերումներ ըրած է զինուորականներուն ուղղուած Լիոյտի ուղերձէն:
 
Բացի այդ, Օսթընը նշած է, որ ռազմական կառոյցներուն մէջ պիտի ըլլան մասնագէտ մարդիկ, որոնք պիտի որոշեն, թէ պատուաստանիւթերու ինչ քանակութիւն անհրաժեշտ է բանակին եւ այդ պատրադիր պատուաստումը ինչ ձեւով պիտի սահմանուի:
 
Իսկ մինչ այդ պատոսաստում չստացած անձինք պէտք է դիմակ կրեն եւ պահպանեն ընկերային հեռաւորութիւն: Դեռ աւելին, պիտի սահմանափակուին անոնց ծառայողական ուղեւորութիւններն արտասահման: 
 
Փենթակոնի տուեալներով՝ աւելի քան 1 միլիոն զինուորական արդէն անցած է «Քորոնա» ժահրի դէմ լրիւ պատուաստումը, շուրջ 237 հազարը ստացած է պատուաստանիւթի առնուազն մէկ չափաբաժինը: ԱՄՆ-ի բանակին մէջ պատուաստուածներու թիւը կը կազմէ շուրջ 50 տոկոս: