Ամերիկայի Հայ դшտի յանձնախումբը (ANCA) խuտօրէն դшտшպшրտած է աշխարհահռչակ դերասան Մորկըն Ֆրիմանը, թրքական Turkish Airlines գովազդին մէջ նկարահանուելու համար:
Ըստ տեղեկութիւններուն, Ֆրիմանի ու թրքական ընկերութեան միջեւ ձեռք բերուած էր համաձայնութիւն՝ համատեղ տեսանիւթ հրապարակելու հարցով:
Ամերիկայի Հայ դшտի յանձնախումբը հրապարակած է Ֆրիմանի տեսանիւթը, իսկ անոր կից յիշեցուցած է, որ ամերիկացի մէկ այլ դերասան՝ Ճորճ Քլունին, մերժած էր թրքական օդանաւային ընկերութեան 35 միլիոն տոլարի առաջարկը:
Յիշեցնենք, որ Ճորճ Քլունին չեղարկած էր 35 միլիոն տոլար արժողութեամբ մէկօրեայ գործարքը Turkish Airlines-ի հետ: Ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականին տուած հարցազրույցին մէջ Քլունին նշած է, որ առաջարկ ստանալով` խորհրդակցած է կնոջ` Ամալ Քլունիի հետ, եւ անոնք որոշած են հրաժարիլ, քանի որ Թուրքիան կասկածելի երկիր է, թէեւ ԱՄՆ-ի դաշնակիցն է: